Հայաստանի Մէջ Կանանց Թիւը 3 Առ Հարիւրով Կը Գերազանցէ Տղամարդոց Թիւը

By Asbarez | Tuesday, 03 January 2012

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- ՀՀ Ազգային վիճակագրական ծառայութեան տեղեկութիւններով, 2011ին Հայաստանի մնայուն բնակչութեան քաղաքային եւ գիւղական բաժանումի պատկերը կայուն եղած է։ 2009-2010ի տարեսկիզբին քաղաքային բնակչութեան պատկերը կազմած է 64 առ հարիւր, իսկ գիւղական բնակչութեան՝ 36 առ հարիւր:  2005-2008ին արձանագրուած միջին ցուցանիշները կազմած են համապատասխանաբար՝ 64.1  եւ 35.9 առ հարիւր՝ պարզելով բնակչութեան քաղաքային եւ գիւղական բաժանման կայունութեան բարձր ցուցանիշ:

2011ի սկիզբը Հայաստանի մէջ մնայուն բնակութիւն հաստատողներուն 48.5 առ հարիւրը եղած է արական, իսկ 51.5 առ հարիւր‘  իգական սեռի պատկանող: Բնակչութեան միջին տարիքը 2011ի սկիզբը կազմած է 35, արական սեռի համար՝ 33.3, իսկ իգականի համար՝ 36.7:  0-15  տարեկան երեխաներուն տոկոսային պատկերը, որ 1990ին 32.2 առ հարիւր էր, 2011ի սկիզբը կազմած է 19.6 առ հարիւր,  աշխատունակ տարիքի բնակչութեան  տոկոսը 1990ին 59.7 առ հարիւր էր, իսկ ներկայիս կազմած է 68.9,  իսկ աշխատունակ տարիքի բարձր բնակչութեան  տոկոսը 1990ին 8.1 առ հարիւր կը հանդիսանար, մինչ 2011ի սկիզբի դրութեամբ կազմած է 11.5 առ հարիւր:  2011ի սկիզբը աշխատանքային տարիք ունեցող ամէն 1000 մարդու հաշուով հաշուառուած է 452՝ 0-15  տարեկան երեխայ եւ կենսաթոշակառու, 2010ի նոյն ժամանակահատուածին արձանագրուած 456 մարդու դիմաց: Նուազումը յատկապէս տեղի ունեցած է ի վնաս 0-15  տարեկան բնակչութեան տարիքային խումբի, որուն պատկերը նուազած է 1 առ հարիւր տոկոսով, որուն դիմաց 1 առ հարիւրով աճած է աշխատունակ տարիքի բնակչութեան պատկերը, իսկ աշխատունակ տարիքէն բարձր բնակչութեան պատկերին մէջ  փոփոխութիւն չէ արձանագրուած:

Ժողովրդագրական իրավիճակի առկայ հիմնախնդիրներէն է բնակչութեան ժողովրդագրական ծերացումը, որուն ընթացքը հանրապետութեան մէջ յետխորհրդային տարիներուն մեծապէս արագացած է: Բնակչութեան ծերացումը կամ ժողովրդագրական ծերացումը ժողովրդագրական երկարատեւ փոփոխութիւններու, բնակչութեան վերարտադրութեան, ծնելիութեան, մահացութեան եւ անոնց յարաբերակցութիւններուն մէջ արձանագրուան անհամեմատելիութեան, ինչպէս նաեւ, մասամբ, արտագաղթի հետեւանք է:           Ըստ ՄԱԿի ժողովրդագրական ծերացման ցուցանիշին, եթէ երկրի բնակչութեան կառուցուածքին մէջ 65 եւ բարձր տարիքի բնակչութիւնը կը կազմէ՝ 7 առ հարիւրէն աւելի, ուրեմն տուեալ բնակչութիւնը կը համարուի ծերացած։ Հայաստանի մէջ 2011ին այդ թիւը կազմած է 9.8 առ հարիւր: 2011ի սկիզբի դրութեամբ մնայուն բնակչութեան 34.4 առ հարիւր տոկոսը կեդրոնացած է Երեւանի մէջ, իսկ Արարատի, Արմաւիրի, Լոռիի, Կոտայքի եւ Շիրակի մարզերէն իւրաքանչիւրին մէջ բնակած է հանրապետութեան մնայուն բնակչութեան 8.6-8.7 առ հարիւրը, Գեղարքունիքի մարզին մէջ՝ 7.4 տոկոսը, Արագածոտնի, Սիւնիքի եւ Տաւուշի մարզերէն իւրաքանչիւրին՝ 4.1-4.7 տոկոսը, իսկ 1.7 տոկոսը՝ Վայոց Ձորի մարզին մէջ:

comments