Արցախին Տրուող Օգնութեան Վերացումը Խախտելու Է Ուժերի Հաւասարակշռութիւնը. Կիրօ Մանոյեան

By Asbarez | Monday, 23 March 2020

0324Giro

ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան «168 ժամ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ այս տարի Արցախին օգնութիւն չտրամադրելու որոշումին եւ անոր դրդապատճառներուն։ Ան դիտել տուաւ, որ արդէն 2 տարիէ ի վեր, նախագահ Թրամփի վարչակարգը կ՛աշխատի, որ այդ պետութեան պիւտճէին մէջ Արցախին յատկացուելիք օգնութեան մասին որեւէ տող չըլլայ, սակայն չյաջողեցաւ։ Սակայն, այս տարի չեղեալ նկատուեցաւ ականազերծման նպատակով Արցախին յատկացուող մարդասիրական օգնութիւնը։ «Ստացւում է՝ Միացեալ Նահանգների գործադիր մարմինը չի ուզում, բայց օրէնսդիր մարմինն ուզում է, ուստի տեսականօրէն կայ հնարաւորութիւն շարունակել աշխատանքը, որ օրէնսդիրները հասնեն նրան, որ այդ կարեւոր տողը ԱՄՆ 2020 թուականի բիւջէում պահպանուի: Հիմա մենք աշխատանքի հենց այդ փուլում ենք», հաստատեց Մանոյեան:

Ըստ Մանոյեանի՝ Միացեալ Նահանգները մէկ կողմէ կը փափաքի Ատրպէյճանին յատկացուելիք միջոցները պահպանել, միւս կողմէ կ՛ուզէ Հայաստանին եւ հայութեան բան մը հասկցնել: Նաեւ կայ այն, որ առաւել քան 20 տարիէ ի վեր Ատրպէյճան դէմ է, որ Արցախին տրուի մարդասիրական օգնութիւն, ինչ որ այս տարի իրականութիւն կը դառնայ։

Մանոյեան ըսաւ, որ Ատրպէյճանին տրուող 100 միլիոն տոլարի աջակցութիւնը դադրեցնելու մասին ոչինչ կայ, ուրեմն անիկա պիտի շարունակուի։ «Եթէ Արցախին տրուող աջակցութիւնը վերացւում է, իսկ Ադրբեջանինը՝պահպանւում, սա ինչի՞ մասին է վկայելու. Հայաստանի եւ Արցախի նկատմամբ Միացեալ Նահանգներում վերաբերմունքի փոփոխութիւն է եղել», յայտնեց Մանոյեան՝ դիտել տալով, որ Արցախին տրուող ֆինանսական յատկացումը դադրեցնելը երկրի ելեւմուտքին հետ առնչութիւն չունի, այլ քաղաքական որոշում է. «ԱՄՆում Հայաստանի եւ Արցախի նկատմամբ կայ վերաբերմունքի փոփոխութիւն: Սակայն, եթէ վերջնականապէս որոշուի, որ ԱՄՆը Արցախին չի օգնում, ապա այդ որոշումը կը խախտի նաեւ Արցախի հարցում ԱՄՆի չէզոք կեցուածքը՝ որպէս Մինսկի խմբի համանախագահ երկիր: Հաւասարակշռութիւնը կը խախտի Ադրբեջանին տրուելիք այդքան մեծ ֆինանսական օգնութիւնն ու Արցախին այդ փոքրիկ մարդասիրական օգնութիւնից զրկելը», նշեց ան։

Այս հարցին մէջ Հայաստանի իշխանութեան դերակատարութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ Կիրօ Մանոյեան դիտել տուաւ հետեւեալ հանգամանքները. «Այն, որ դրանք չէին կարող ինչ-որ հետեւանքներ չունենալ, հաստատ է: Իրանի հետ յարաբերութիւնները, Սիրիայում մեր ներկայութիւնը, Հայաստանից նեղացածութիւնը… այս բոլորը գուցէ դրուած են ԱՄՆի քաղաքական կեցուածքի հէնց հիմքում: Ես կարող եմ ենթադրել, որ այս բոլոր հանգամանքները կապուած են ԱՄՆի այդ որոշման հետ: Պարզ է, չէ՞, որ Ադրբեջանը նոր չսկսեց դէմ լինել, իսկ թէ ինչու նրա ցանկութիւնն այս անգամ փորձում են իրականութիւն դարձնել, կարող է եւ կապուած լինել իմ ասած հանգամանքների հետ»:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement