Հայաստանի Մէջ Քորոնա Ժահրի  Հաստատուած 249 Պարագաներ Կան

By Asbarez | Tuesday, 24 March 2020

0325Pashinian

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 24 Մարտին յղեց ուղերձ մը, որուն մէջ անդրադառնաւ «Քորոնա» ժահրին պատճառով ընդհանրապէս աշխարհի եւ յատկապէս Հայաստանի մէջ տիրող կացութեան, ներկայիս Հայաստանի մէջ վարակուածներու վիճակին եւ այս տագնապի դիմագրաւման ձեւերուն։

Ան տեղեկացուց, որ 24 Մարտին, երեկոյեան ժամը 6։30ի դրութեամբ (Երեւանի ժամանակացոյցով)՝ Հայաստանի մէջ կան «Քորոնա» ժահրի հաստատուած 249 պարագաներ, որոնց մեծ մասը Երեւանի «Նորք»  հիւանդանոցին մէջ է, միւսները՝ հանրապետութեան այլ բժշկական հաստատութիւններու։ «Նրանց մի մասը այս պահին նոյնիսկ ջերմութիւն չունի, ինչը յոյս է ներշնչում, որ շատերը կը բուժուեն նոյնիսկ առանց որեւէ բժշկական միջամտութեան եւ նրանց այս պահին հիւանդանոցում գտնուելու հիմնական իմաստն այն է, որ չվարակեն ուրիշ քաղաքացիների», նշեց վարչապետը:

Ըստ անոր՝ ցարդ վարակուած 4 քաղաքացիներ բուժուած են, ինչպէս նաեւ մեկուսացումէն տուն վերադարձած են 37 քաղաքացիներ։

Նիկոլ Փաշինեան նաեւ խօսեցաւ այն քայլերուն մասին, որոնք պէտք է առնուին տնտեսական ոլորտին մէջ «Քորոնա» ժահրի համավարակին դէմ պայքարի օրերուն եւ անկէ ետք։ Ան անդրադարձաւ այն երեւոյթին, որ այս ժահրին ստեղծած տագնապը իր ազդեցութիւնը ունի համաշխարհային տնտեսութեան համար:  «Հայաստանի պարագայում կանխատեսումներն այս պահի դրութեամբ մի փոքր աւելի դրական են, բայց ակնյայտ է, որ մենք կորցնելու ենք աճի այն տեմպը (կշռոյթը-Խմբ.), որը համատեղ աշխատանքի արդիւնքում ձեւաւորեցինք 2019 թուականին: Բայց ինչպէս ասել եմ նախկինում, այս իրավիճակը մենք ընկալում ենք ոչ թէ որպէս ողբերգութիւն, այլ որպէս նոր հնարաւորութիւն համաշխարհային տնտեսութեան մէջ Հայաստանի տեղադիրքը փոխելու, տնտեսական յեղափոխութեան մեր օրակարգը աւելի արդիւնաւէտ եւ կրկնապատիկ տեմպերով կեանքի կոչելու համար», շեշտեց Փաշինեան:

Ան դիտել տուաւ, որ կառավարութիւնը յստակ քայլերու պիտի ձեռնարկէ «Քորոնա» ժահրին պատճառով ստեղծուած զանազան հարցերու եւ տագնապներու լուծում տալու համար։

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement