Հայաստանի Մէջ Քորոնա Ժահրէն Ապաքինած Են 18 Անձեր

By Asbarez | Thursday, 26 March 2020

0326Corona

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնի կայքին վրայ կը նշուի, որ Հայաստանի մէջ արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով վարակուած անձերու 16 նոր պարագաներ:  Հայաստանի մէջ 25 Մարտի դրութեամբ՝ «Քորոնա» ժահրի հաստատուած դէպքերուն ընդհանուր թիւը 265 է: Քննութիւններու ենթարկուած եւ վարակուած չեն եղած 1315 անձեր։

Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է, որ Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրէն բուժուած են ընդհանուր առմամբ 18 քաղաքացիներ։ «Եւս երկու անձեր բուժուած են՝ կրկնակի բացասական թեստով։ Գումարային բուժուածների թիւը դարձաւ 18», նշեց Թորոսեան։

comments