Նախագահ Սարգսեան Հանդիպում Ունեցաւ Իշխան Սաղաթելեանի եւ Արսէն Համբարձումեանի Հետ

By Asbarez | Saturday, 23 May 2020

0521Meeting

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- «Քորոնա» ժահրի համաճարակին լոյսին տակ ստեղծուած իրավիճակին, անոր տնտեսական հետեւանքներուն, նոր մարտահրաւէրներու յաղթահարման ուղիներու քննարկման նպատակով, Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան նախաձեռնած է հանդիպումներու շարքի մը՝ խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ուժերու, հասարակական կազմակերպութիւններու, տարբեր ոլորտներու մասնագէտներու հետ:

Այս ծիրին մէջ, 20 Մայիսին տեղի ունեցաւ հանդիպում  մը նախագահ Սարգսեանի եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեանի եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Արսէն Համբարձումեանի միջեւ: Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ համաճարակին իբրեւ արդիւնք տիրող կացութեան, տնտեսական դժուարութիւններուն, զանոնք շրջանցելու կարելիութիւններուն եւ ձեւերուն։

Զրուցակիցները համակարծիք եղան, որ այս մարտահրաւէրը կարելի է յաղթահարել միայն ուժերու համախմբման միջոցով: ՀՅԴ ներկայացուցիչները ներկայացուցին իրենց տեսլականը՝ իրավիճակը յաղթահարելու կարելի ուղիներուն մասին:

Միտքեր փոխանակուեցան նաեւ երկրին ներքին եւ արտաքին հարցերուն վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ համազգային օրակարգին վերաբերող շարք մը հարցերու, այդ ծիրին մէջ կատարուող եւ նախատեսուող, որոնց կարգին` Հայոց Ցեղասպանութեան 105րդ տարելիցին, Սեւրի դաշնագիրի կնքման 100ամեակին եւ Առաջին Հանրապետութեան յառաջիկայ տարեդարձին նուիրուած միջոցառումներուն շուրջ:

Հանրապետութեան նախագահին տեղեկութիւններ տրուեցան ՀՅԴին ծրագրած շարք մը միջոցառումներուն մասին, որոնք, համաճարակին պատճառով ժամանակաւորապէս յետաձգուած են: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ նախագահ Սարգսեանի առաջարկած Համազգային այգիին` «Հայ պարկ»ի ստեղծման նախաձեռնութեան:

Հիւրերը ողջունելի նկատեցին համահայկական նշանակութիւն ունեցող այս նախաձեռնութիւնը, որ ուղղուած է ազգային միասնականութեան ապահովման:

comments