Նոր Նշանակումներ Արցախի Մէջ. Կառավարութեան Կառուցուածքին Մէջ Փոփոխութիւններ

By Asbarez | Wednesday, 27 May 2020

0527Arayig

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 26 Մայիսին ստորագրեց շարք մը հրամանագիրներ, որոնց համաձայն, Արթուր Պետրոսեան նշանակուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի առաջին տեղակալ, Արայիկ Լազարեան՝ նախագահի աշխատակազմի կառավարութեան գործերու կառավարչութեան պետ՝ զերծ կացուցուելով Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի կառավարութեան գործերու կառավարչութեան պետ-աշխատակազմի ղեկավարի առաջին տեղակալի պաշտօնէն։ Այլ հրամանագիրներով մը Դաւիթ Բաբայեան նշանակուեցաւ Արցախի նախագահի խորհրդական՝ զերծ կացուցուելով Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան պետ-Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի փոխղեկավարի պաշտօնէն, իսկ Վահրամ Պօղոսեան նշանակուեցաւ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան պետ-նախագահի աշխատակազմի փոխղեկավար։

Արցախի նախագահը 26 Մայիսին, գործող կառավարութեան անդամներուն մասնակցութեամբ ունեցաւ աշխատանքային ընդլայնուած խորհրդակցութիւն: Ան ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց կառավարութեան կառուցուածքին վերաբերող փոփոխութիւնները՝ ընդգծելով, որ անոնց պատճառով պետական պիւտճէն յաւելեալ ծանրաբեռնուածութիւն պիտի չունենայ։ Ըստ անոր՝ սահմանուած է կառավարութեան հետեւեալ կառոյցը՝
1) պետական նախարար
2) աշխատանքի, ընկերային եւ բնակարանային հարցերու նախարարութիւն
3) առողջապահութեան նախարարութիւն
4) արդարադատութեան նախարարութիւն
5) արտաքին գործոց նախարարութիւն
6) գիւղատնտեսութեան նախարարութիւն
7) տնտեսութեան եւ արտադրական ենթակառուցուածքներու նախարարութիւն
8) կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի նախարարութիւն
9) պաշտպանութեան նախարարութիւն
10) ռազմահայրենասիրութեան, երիտասարդութեան, մարմնակրթութեան եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւն
11) տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարութիւն
12) քաղաքաշինութեան նախարարութիւն
13) ելեւմուտքի նախարարութիւն:

0527Arayig1

Սահմանուած է նաեւ պետական կառավարման այլ մարմիններու կառուցուածքը՝

1) ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն
2) արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութիւն
3) բնապահպանութեան կոմիտէ
4) կադաստրի եւ պետական գոյքի կառավարման կոմիտէ
5) Հայաստանի եւ Սփիւռքի հետ համարկման կոմիտէ
6) ոստիկանութիւն
7) պետական եկամուտներու կոմիտէ
8) պետական վերահսկողական ծառայութիւն:
Ուղիղ եթերով այս փոփոխութիւններուն մասին խօսելով՝ Արայիկ Յարութիւնեան կարեւոր նկատեց ռազմահայրենասիրութեան, երիտասարդութեան, մարմնակրթութեան եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը։ «Ռազմահայրենասիրութիւն» տերմինը, բառը առաջին անգամ ենք օգտագործում կառավարութեան կառուցուածքում։

Եւ սա պատահական չէ։ Ռազմահայրենասիրութիւնը, բանակ-հասարակութիւն կապը լինելու է մեր կառավարութեան, նոր կառավարութեան գլխաւոր ուղղութիւններից մէկը։ Ցանկացած տնտեսական յաջողութիւն, սոցիալական ծրագրեր գրոշի արժէք չունեն, եթէ երկրում ընդհանուր համերաշխութիւնը բացակայում է, եթէ երկրում մեր գլխաւոր մարտահրաւէրը ստորադասւում է, իսկ դա արցախեան խնդիրն է։ Եւ այդ բոլորի յաջողութեան գրաւականը ռազմահայրենասիրութիւնն է», ըսաւ նախագահ Յարութիւնեան։

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement