By Asbarez | Wednesday, 01 July 2020
ԵՐԵՒԱՆ.- 30 Յունիսին, «Բարգաւաճ Հայաստան», Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն եւ «Հայրենիք» կուսակցութիւններուն կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր դատախազութեան ներկայացուեցաւ 9 էջերէ բաղկացած՝ Հայաստանի Քրէական օրէնսգիրքի 3 յօդուածներով սահմանուած յանցագործութիւններու մասին հաղորդումը։
Այս առիթով հրապարակուած հաղորդագրութեան կը նշուի հետեւեալը.
«Ըստ էութեան, ներկայացուած հաղորդումը միտուած է օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւնների, ինչպէս նաեւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնատար անձանց յանցակցութեամբ իրականացուած իշխանութեան իւրացմանը իրաւական գնահատական տալուն։
«Սահմանադրական դատարանի եւ դրա առանձին դատաւորների դէմ նախաձեռնուած եւ դատական իշխանութիւնը զաւթելուն միտուած գործողութիւնները սկսուել եւ շարունակւում են մէկ տարուց աւելի՝ նպատակ ունենալով Սահմանադրական դատարանում ձեւաւորել կառավարելի մեծամասնութիւն: Այլ խօսքով՝ Սահմանադրութեամբ չնախատեսուած եղանակով Սահմանադրական դատարանի երեք դատաւորների լիազօրութիւնները դադարեցնելու եւ Սահմանադրական դատարանի նախագահին պաշտօնավարումից զրկելու, ինչպէս նաեւ նրանց փոխարէն այլ անձանց նշանակելու միջոցով օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւնը ներկայացնող, ինչպէս նաեւ այլ բարձրաստիճան մի խումբ պաշտօնատար անձինք` յանցակցութեամբ, տիրանում են Սահմանադրական դատարանի լիազօրութիւններին եւ այդ ամէնը կատարում են` վերազանցելով իրենց լիազօրութիւնները։
«Այս գործողութիւններով յանցակիցները խախտում են իշխանութիւնների տարանջատման ու հաւասարակշռման սկզբունքը եւ անգամ փաստացի վերացնում Հայաստանի Հանրապետութեան՝ իրաւական պետութեան լինելու բնութագիրը։ Նկատի ունենալով, որ այս փաստերում առկայ են ՀՀ քրէական օրէնսգրքի 300րդ յօդուածի 1ին մասի, 300.1րդ յօդուածի 1ին մասի եւ 309րդ յօդուածի 1ին մասի առերեւոյթ յատկանիշներ պարունակող արարքներ եւ առաջնորդուելով ՀՀ քրէական դատավարութեան օրէնսգրքի համապատասխան յօդուածներով` յանցագործութեան մասին Գլխաւոր դատախազութիւն ներկայացուած հաղորդմամբ խնդիր է դրուած յարուցել քրէական գործ եւ կատարել պատշաճ, անաչառ ու համակողմանի նախաքննութիւն»:
comments
Սահմաններու Բացումով Պիտի Վտանգուի Մեր Տնտեսական Անվտանգութիւնը
«Սա Հերթական Խայտառակ Պարտութիւնն Էր Հայաստանի Համար»․ Վազգէն Մանուկեանի Յայտարարութիւնը
Մոսկուայի Մէջ Ստորագրուեցաւ «Արցախի Զարգացման» Մասին Եռակողմանի Յայտարարութիւն
Պաքու Կոպտօրէն Կը Խախտէ Մարդասիրական Գործընթացը. Թաթոյեան
Տեղահանուած Արցախցիներուն Համար Շուրջ 700 Առանձնատուներ Պիտի Վերանորոգուին
Փութին Եւ Մաքրոն Քննարկեցին Արցախի Տագնապի Լուծման Վերաբերող Հարցեր
«Նիկոլի Գործունէութեան Արդիւնքում Մենք Կանգնած Ենք Նոր Պատերազմի Եզրին». Ի. Սաղաթէլեան
Պաքու Կը Քննադատէ Այվազեանի Արցախ Այցելութիւնը
Արցախի Զինադադարի Հսկողութեան Կեդրոնի Թուրք Զինուորները Մեկնեցան Ատրպէյճան
«Հայրենիքի Փրկութեան Շարժում»ին Ղեկավարները Մասնակցեցան Տարեվերջի Սուրբ Պատարագին