Կորոնավիրուսի Դէմ Պայքարի Արդիւնքում Շատ Փոքր Դրական Շարժ Ունենք. Փաշինեան

By Asbarez | Wednesday, 22 July 2020

0722Nigol

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ Հայաստան շատ փոքր դրական արդիւնք արձանագրած է «Քորոնա» ժահրի դէմ մղած պայքարին մէջ։ Ան այս մասին գրած է «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ՝ նշելով, որ, այնուամենայնիւ, պէտք չէ թուլցնել զգօնութիւնը:

«Հակահամաճարակային կանոնների պահպանման մեր գործողութիւնները պիտի դառնան աւելի հետեւողական` վիրուսի (ժահրի-Խմբ.) տարածման ուժգնութիւնը կոտրելու համար: Միայն դրա շնորհիւ կը կարողանանք էականօրէն նուազեցնել նոր դէպքերը», նշեց Փաշինեան:

Վարչապետը անգամ մը եւս կոչ ուղղեց՝ շարունակելու հետեւիլ կանոններուն` կրել դիմակներ, պահպանել ընկերային հեռաւորութիւն եւ պարբերաբար ախտազերծել ձեռքերը:

Մինչ այդ, 21 Յուլիսի դրութեամբ, Հայաստանի մէջ հաստատուեցաւ «Քորոնա» ժահրի վարակման 273 նոր պարագաներ եւ արձանագրուեցան 12 մահեր։

Այսպիսով, Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուած պարագաներուն ընդհանուր թիւը կը հասնի 35,254ի, ապաքինածներունը՝ 24,206ի, իսկ մահերունը՝  662ի։

comments

Advertisement