Հայաստանի Մէջ Կան Քորոնա Ժահրի Վարակման 308 Նոր Պաւահաներ Եւ 4 Նոր Մահեր

By Asbarez | Thursday, 30 July 2020

0730corona2

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».-  Հայաստանի մէջ, 29 Յուլիսին հաստատուած են «Քորոնա» ժահրի վարակման ընդհանուր 37,937 պարագաներ, որոնց 27,824ը ապաքինած է:

Ներկայ դրութեամբ բուժուողներուն թիւը 9165 է: Վերջին 24 ժամերուն ընթացքին կատարուած են 1853 քննութիւններ, իսկ ընդհանուր առմամբ` 160,380:

Այսպիսով կան «Քորոնա» հիւանդութեամբ հաստատուած 308 նոր պարագաներ եւ 467 առողջացածներ: Ընդհանուր առմամբ «Քորոնա» ժահրը խլած է 723 կեանքեր (4ը՝ նոր):

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ «Քորոնա» ժահրի համաճարակային իրավիճակը էականօրէն բարելաւուած է։

«Վերջին չորս-հինգ օրերի տուեալներով` կարող ենք ասել, որ կորոնաւիրուսի ամէնօրեայ նոր դէպքերի թուով մենք վերադարձել ենք Մայիսի վերջի մակարդակին, ծանր հիւանդների թուով վերադարձել ենք Մայիսի վերջի մակարդակին եւ ծայրայեղ ծանր հիւանդների թուով Յունիսի սկզբի մակարդակին: Ի հարկէ, այս համեմատութիւնը յարաբերական է, որովհետեւ, ցաւօք, ծանր եւ ծայրայեղ ծանր հիւանդների վիճակագրութիւնը նուազել է ոչ միայն բուժումների, այլ նաեւ մահուան դէպքերի պատճառով: Այսօրուայ դրութեամբ` Հայաստանում 723 մահ է գրանցուել կորոնաւիրուսից», ըսաւ Փաշինեան։

Հայաստանի առողջապահութեան նախարարը իր կարգին դիտել տուաւ, որ Հայաստանի մէջ բարձրագոյն թիւ արձանագրուած է 6 Յուլիսին:  «Այսինքն` եթէ դա համարենք համաճարակաբանօրէն պիկ, մեր պիկը եղել է հէնց այդ օրը: Այդ օրուանից յետոյ ամէն օր ունեցել ենք աւելի քիչ թուով պացիենտներ, եւ վերջին օրերին արձանագրել ենք նոյն տենդենցը», ըսաւ նախարար Թորոսեան:

Ըստ անոր՝ եթէ շարունակուին պահպանուիլ հակահամաճարակային բոլոր պարզ կանոնները, իսկական հնարաւորութիւն կայ կշռոյթը պահպանելու, ինչու ոչ նաեւ զայն նուազեցնելու եւ ճգնաժամային իրավիճակէն դուրս գալու:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement