Հայաստանի Մէջ Կայ Քորոնա ժահրով Վարակուածներու Թիւի Զգալի Նուազում

By Asbarez | Tuesday, 04 August 2020

0804Cov

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 3 Օգոստոսի դրութեամբ՝ Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն ընդհանուր թիւը հասաւ 39,102ի, որոնցմ 29,861ը ապաքինած է: Այս մասին կը նշուի Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնի կայքին վրայ:

Ներկայիս բուժման կ՛ենթարկուին 8251 հիւանդներ: Վերջին 24 ժամերուն ընթացքին կատարուած են 394 քննութիւններ, իսկ ընդհանուր առմամբ` 167,095 քննութիւններ: Այսպիսով, մէկ օրուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրի վարակման 52 նոր պարագաներ եւ 111 ապաքինածներ: Ընդհանուր առմամբ, «Քորոնա» ժահրէն մահացածներու 762 (աւելցած է 8ով) պարագաներ արձանագրուած են:

comments