By Asbarez | Thursday, 06 August 2020
ԵՐԵՒԱՆ «ԱՐՄԷՆՓՐԷՍ»- Վերջին օրերուն, «Քորոնա« ճահրի համաճարակին թիւերը յուսադրիչ համարելով հանդերձ, պարէտատան նիստէն ետք մամուլին հետ հանդիպումի ընթացքին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ համաճարակի թիւերուն նուազումը քաղաքացիներուն մօտ կազմել տուած է այն կարծիքը, թէ հաճարակի իրավիճակը ամբողջովին յաղթահարուած է, մինչդեռ անիկա իրականութեան չի համապատասխաներ: «Նախորդ օրն ունեցել ենք 288 նոր դէպք, սա համեմատած Յուլիսի թիւերի հետ անհամեմատ քիչ է, բայց դեռեւս հսկայական թիւ է եւ կարող ենք ասել, որ համաճարակային վիճակը ՀՀում շարունակում է մնալ բարդ, եւ եթէ մեր արձագանագը չլինի պատշաճ ու աւելի մեծ ջանքեր չգործադրենք, կարող ենք իրավիճակը յետ գլորել դէպի Յուլիսի առաջին շաբթուայ իրավիճակին, որ համաճարակի պիկն (գագաթնակէտը-Խմբ.) էր», ըսաւ Փաշինեան՝ աւելցնելով, որ վերջին օրերու ցուցանիշները պահելու համար պէտք խստօրէն պահպահնել կանխարգիլման կանոնները:
«Մեր հակամաճարակային կանոնների մէջ անկիւնաքարային նշանակութուն ունի դիմակի պարտադիր կրումը բաց եւ փակ տարածքներում, եւ պէտք է խստօրեն հետեւենք այս կանոններին: Բացի յորդորներից վարչական մեթոտներ են կիրառուելու եւ ոստիկանութիւնը հետեւելու է, որ քաղաքացիները պահպանեն կանոնները: Մենք ստացել ենք հնարաւորութիւն այս իրավիճակը յաղթահարելու համար», շեշտեց վարչապետը:
comments
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ
Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին