Օտարերկրեայ Ահաբեկիչ Զինեալներ Են Տեղափոխւում Ադրբեջան․ Մնացականեան

By Asbarez | Tuesday, 15 September 2020

0915zohrab

ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Յուլիսեան իրադարձութիւններուն ընթացքին, Թուրքիա միակ երկիրն էր, որ հանդէս եկաւ միակողմանի եւ շատ յարձակողական մօտեցումով՝ միակողմանի աջակցութիւն Ատրպէյճանին, յարձակողական մօտեցում՝ հասցէագրուած Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին, որ արտայայտուեցաւ թէ՛ հռետորաբանութեամբ՝ բոլոր մակարդակներու վրայ եւ թէ գործողութիւններով։ 13 Սեպտեմբերին Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրիի հետ տուած մամլոյ միացեալ ասուլիսին ընթացքին այս յայտարարութիւնը կատարեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան՝ պատասխանելով իրեն ուղղուած հարցումի մը։

«Ի հարկէ մենք ականատես ենք լինում իրենց կողմից ռազմական կուտակման փորձերի: Մենք տեղեկութիւններ ենք ստանում օտարերկրեայ ահաբեկիչ զինեալների օգտագործման մասին, ովքեր տեղափոխուելու են Ադրբեջան կամ գուցէ արդէն իսկ տեղափոխուել են: Մենք ականատես ենք լինում մեծ ռազմական ներկայութեան, ռազմական ամրապնդման: Այս ամէնը հէնց այն գործողութիւններն են, որոնք խաթարում են տարածաշրջանում խաղաղութեանը եւ կայունութեանն ուղղուած ջանքերը: Մենք վճռական ենք մեր պաշտպանութեան մէջ եւ մենք վճռական ենք ժխտելու ուժի դրսեւորման, ագրեսիւ (յարձակողապաշտ-Խմբ.) եւ ապակայունացնող բնոյթի ցանկացած քաղաքականութիւն, որը ուղղուած է ազդեցութեան տարածման, որն իր էութեամբ ագրեսիւ է եւ ապակայունացնող»:

Ըստ Մնացականեանի՝ ականատես կ՛ըլլանք ազդեցութեան տարածման այս քաղաքականութեան Արեւելեան Միջերկրականէն մինչեւ Հիւսիսային Ափրիկէ եւ Միջին Արեւելք, ինչպէս նաեւ Հարաւային Կովկաս: Նման քաղաքականութիւն երբեք ողջունելի չէ:

Մնացականեան Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարին հակիրճ կերպով ներկայացուց ատրպէյճանական յարձակողականութեան իբրեւ արդիւնք Հայաստանի պետական սահմանին վերջին լարուածութիւնը:

«Մենք հաստատակամ ենք մեր մօտեցման մէջ, որ բոլոր հակամարտութիւնները տարբեր են, եւ եթէ կայ մէկ յստակ ընդհանրութիւն, ապա դա այն է, որ որեւէ հակամարտութիւն չունի ռազմական լուծում: Հակամարտութիւնների հանգուցալուծման կարեւոր ուղիներն են բացառապէս խաղաղ երկխօսութիւնը, խաղաղ գործընթացը, բոլոր կողմերի ներգրաւումը եւ փոխզիջումների հասնելու կարողութիւնը։ Այս նպատակին հասնելու համար մեզ անհրաժեշտ են խաղաղարարներ, ովքեր ի զօրու են գծել պատերազմի տարածման կարմիր գիծը: Այս առումով Հայաստանն արժեւորում է Եգիպտոսի ամուր յանձնառութիւնը խաղաղութեանը եւ կայունութեանն ամէնուրեք, ներառեալ Լիբիայում: Մենք ողջունում ենք ձեր ջանքերն այս ուղղութեամբ», եզրափակեց նախարարը:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement