ՄԱԿը Ատրպէյճանին Եւ Հայաստանին Զինադադարի Կոչ Կընէ

By Asbarez | Thursday, 01 October 2020

0930UN

ՄԱԿ․- ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը Արցախի վրայ Ատրպէյճանի յարձակումին շուրջ ունեցած փակ քննարկմէն ետք տարածեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը․

«ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի անդամները անհանգստացած են Լեռնային Ղարաբաղի  հակամարտութեան գօտիի երկայնքով լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններու մասին հաղորդումներուն վեևաբերեալ: Անոնք վճռականօրէն կը դատապարտեն ուժի գործադրումը եւ ափսոսանք կը յայտնեն մարդկային ու քաղաքացիական զոհերուն համար:

«Անոնք կ՛աջակցին ընդհանուր քարտուղարին՝ կողմերուն ուղղուած կոչին` անյապաղ դադրեցնելու ռազմական գործողութիւնները, նուազեցնելու լարուածութիւնը եւ անմիջապէս վերադառնալու կառուցողական բանակցութիւններու:

«Անոնք կը յայտարարեն ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահներուն կեդրոնական դերակատարութեան ամբողջական աջակցութեան մասին եւ կոչ կ՛ընեն կողմերուն՝ համագործակցելու անոնց հետ` առանց նախապայմաններու երկխօսութիւնը շուտափոյթ վերսկսելու համար»:

comments