ՄԱԿի Ապահովութեան Խորհուրդի Յայտարարութիւնը Վերջակէտ Դրաւ Ատրպէյճանի Իշխանութիւններու Շահարկումներուն

By Asbarez | Thursday, 01 October 2020



ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Արցախի արտաքին գործող նախարարութիւնը, վկայակոչելով 29 Սեպտեմբերին ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի՝ փակ դռներու ետին  քննարկումները՝ հաստատեց, որ միջազգային հակաօրինական գործողութիւններուն համար միջազգային որեւէ աջակցութիւն ստանալու նպատակով Պաքուի եւ Անգարայի ձեռնարկած բոլոր փորձերը աւարտած են ամբողջական ձախողութեամբ։

Յիշեցնենք, որ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը կողմերուն կոչ ուղղած էր անմիջապէս դադրեցնելու բախումները ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիին մէջ եւ անյապաղ վերսկսելու բովանդակային բանակցութիւններու՝ առանց որեւէ նախապայմանի:

«Այս յայտարարութիւնը վերջակէտ դրեց Ադրբեջանի իշխանութիւնների շահարկումներին՝ կապուած Արցախի Հանրապետութեան դէմ ռազմական ուժ կիրառելու նրանց ենթադրեալ իրաւունքի հետ», ընդգծեց Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը։

comments