Ֆրանսա Շատ Անհանգիստ Է Իրավիճակին Լարուածութեամբ

By Asbarez | Thursday, 01 October 2020

1002Tavit

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 1 Հոկտեմբերին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան ընդունեց Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ճոնաթան Լաքոթը։

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը դեսպանին տեղեկացուց, որ Թուրքիոյ անվերապահ աջակցութեամբ Ատրպէյճանի նախաձեռնած ռազմական գործողութիւններու ծաւալը աննախադեպ է, անոնք կ՛ընթանան շփման գիծի ամբողջ երկայնքով:

Դաւիթ Տօնոյեան ընդգծեց, որ պաշտպանութեան բանակը կը կատարէ իր առջեւ դրուած խնդիրները՝ զարգացնելով յաջողութիւնը եւ զսպելով հակառակորդին սանձազերծած յարձակումները, իսկ ատրպէյճանական զինուած ուժերու նախայարձակ գործողութիւնները շարունակաբար պիտի ստանան կործանարար հարուածներ, եւ այդ գործընթացը արդէն սկսած է։

Դեսպանը իր ցաւակցութիւնը յայտնեց վերջին օրերու մարտական գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք զինուորական եւ քաղաքացիական զոհերուն համար եւ նշեց, որ Ֆրանսա խիստ անհանգստացած է իրավիճակի լարուածութեամբ եւ ուշադրութեամբ կը հետեւի զարգացումներուն։

Հանդիպման ընթացքին համաձայնութիւն ձեռք բերուեցաւ մնայուն կերպով կապի մէջ ըլլալու եւ զարգացումներուն մասին տեղեկատուութիւն փոխանակելու։

comments