By Asbarez | Saturday, 17 October 2020
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի եւ Ատրպէյճանի հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ, երեկոյեան եւս կը շարունակուին դժուար եւ ծանր մարտերը, յատկապէս` հարաւային ուղղութեամբ: 16 Հոկտեմբերին տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին այս մասին յայտնեց պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան:
Ան տեղեկացուց, որ նոյն օրը վաղ առաւօտեան, Ատրպէյճանի զինուած ուժերը թէ՛ հիւսիսի, թէ՛ հարաւի մէջ երկար հրետակոծումէ ետք, որուն ընթացքին կիրարկուեցան նաեւ այլ օդային յարձակման միջոցներ` անօդաչու թռչող սարքեր, հրթիռներ, օդուժ, անցան լայնածաւալ յարձակման: «Առնուազն երկու կատաղի գրոհներից յետոյ հիւսիսային ուղղութեամբ մեր զինուած ուժերին յաջողուել է հետ շպրտել Ադրբեջանի ԶՈՒ ներկայացուցիչներին, ահաբեկիչներին եւ այլ խմբաւորումներին, որոնց չի յաջողուել գրաւել ոչ մի բարձունք, ոչ մի դիրք: Հարաւային ուղղութեամբ ամբողջ օրը շարունակուել են ծանր մարտերը, որոշ ուղղութիւններով մեր զօրքերը կատարել են վերախմբաւորումներ», ըսաւ Յովհաննիսեան:
Պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչը նշեց, որ օրուան ընթացքին ատրպէյճանական օդուժը կատարած է նաեւ որոշ թռիչքներ, իսկ հայկական կողմը կրցած է չէզոքացնել կարգ մը թռչող սարքեր։
15էն 16 Հոկտեմբեր լուսցող գիշերը, յատկապէս լուսադէմին, թշնամին հրետանիի գործածութեամբ սաստիկ կրակ բացած է Մարտունի քաղաքի եւ Կարմիր Շուկայ բնակավայրին ուղղութեամբ, իսկ առաւօտեան` Բերդաշէն համայնքին ուղղութեամբ: Ռմբակոծուեցան Հադրութի շրջանի Տող, Քաշաթաղի շրջանի Տիգրանաւան, Այգեհովիտ եւ Աղաւնոյ բնակավայրերը, իսկ աւելի ուշ՝ Ստեփանակերտը։
comments
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ
Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին