Վարչապետին Նամակէն Ետք Հայ-Ռուսական Խորհրդակցութիւնները Սկսան

By Asbarez | Wednesday, 04 November 2020

1104Vagharshag

ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Հայաստանի վարչապետի գլխաւոր խորհրդական, պաշտպանութեան նախկին նախարար, զօրավար-հազարապետ Վաղարշակ Յարութիւնեան «Հայկական Ժամանակ»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ 1997ին կնքուած պայմանագիրին համաձայն, անհրաժեշտութեան պարագային Ռուսիա պիտի կատարէ Հայաստանի նկատմամբ իր պարտաւորութիւնները: Ըստ Յարութիւնեանի՝ Հայաստանի վարչապետին նամակէն ետք արդէն սկսած են խորհրդակցութիւնները: Անոնց իբրեւ արդիւնք պիտի որոշուին Ռուսիոյ միջամտութեան չափը, տեսակը եւ անհրաժեշտութիւնը:

«Այնպէս որ ամէն ինչ ընթանում է իր հունով` ստեղծուած իրավիճակին համապատասխան: Նոր չէ, որ ռուսական կողմը պիտի իրականացնի գործողութիւններ, նա արդէն իրականացրել է», վստահեցուց Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւոր խորհրդականը:

comments