Տեղահանուած Արցախցիներուն Համար Շուրջ 700 Առանձնատուներ Պիտի Վերանորոգուին

By Asbarez | Wednesday, 13 January 2021

0112Home

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Արցախի գիւղական բնակավայրերուն մէջ յառաջիկայ 3-4 ամիսներուն նախատեսուած է վերանորոգել եւ շահագործման յանձնել շուրջ 700 առանձնատուներ: «Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնեց քաղաքաշինութեան փոխնախարար Ազատ Համբարձումեան` աւելցնելով, որ առանձնատուները պիտի տրամադրուին իրենց բնակավայրերէն տեղահանուած արցախցիներուն:

«Տեղահանուած բնակիչների համար Ասկերանի,Մարտունու եւ Մարտակերտի շրջանների գիւղական անբնակ առանձնատների վերանորոգման ծրագրի շրջանակներում` անցած տարուայ Դեկտեմբերի 30ի դրութեամբ մեկնարկել է 71 առանձնատան վերանորոգումը: Դրանցից 34ն արդէն յանձնուել է շահագործման, իսկ միւսների վերանորոգումն ընթացքում է: Նախատեսուած 700 առանձնատների վերանորոգման աշխատանքները կը մեկնարկեն առաջիկայում՝ անբնակ տների թուի վերաբերեալ շրջվարչակազմերի ներկայացրած տուեալները ստանալուց անմիջապէս յետոյ: Քաղաքաշինութեան նախարարութեան եւ 28 շինարարական կազմակերպութիւնների միջեւ պայմանաւորուածութիւն է ձեռքբերուել` վերականգնման աշխատանքներին զուգահեռ սկսել նաեւ այդ առանձնատների վերանորոգումը: Գիւղական առանձնատները, ներքին եւ արտաքին յարդարումից բացի, կ՚ունենան խոհանոց եւ ներքին սանհանգոյց», մանրամասնեց քաղաքաշինութեան փոխնախարարը` նշելով, որ ծրագիրը կը ֆինանսաւորէ Հայաստան Համահայկական հիմնադրամը։

Մինչ այդ` համապատասխան պայմանաւորուածութիւններ ձեռք կը բերուին շրջանային վարչակազմերու եւ անբնակ առանձնատուներու սեփականատէրերուն հետ: Բացի այդ, ծրագիրին մէջ ընդգրկուած են նաեւ գիւղական բնակավայրերու այն տուները, որոնց մէջ երկար տարիներէ ի վեր ոչ ոք կը բնակի։

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement