Ռուսիա Պատրաստ Է Աջակցելու Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Սահմանագծման

By Asbarez | Wednesday, 14 July 2021

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիա պատրաստ է խորհրդատուական աջակցութիւն ցուցաբերելու Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմանագծման աշխատանքի գործարկման՝ հետագայ սահմանազատումով երկիրներուն միջեւ հակամարութեան շուտափոյթ լուծման նպատակով: 9 Յուլիսին, այս հաստատումը կատարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա։

«Մենք բազմաթիւ անգամներ ընդգծեցինք, որ այս հարցին իբրեւ կայուն եւ երկարաժամկէտ լուծում կը տեսնենք Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմանագծման աշխատանքի շուտափոյթ գործարկումը` անոր հետագայ սահմանազատումով: Մենք պատրաստ ենք տալու անհրաժեշտ խորհրդատուական աջակցութիւնը, եւ ներկայիս կը շարունակենք կապ հաստատել արտաքին քաղաքական եւ պաշտպանական գերատեսչութիւններուն հետ, նաեւ՝ սահմանապահ ծառայութիւններու եւ լարուածութեան մեղմացման նպատակով», յայտնեց Զախարովա:

Ըստ վերջինիս՝ Ռուսիա այն կարծիքին չէ, թէ երկու երկիրներուն սահմանին ստեղծուած իրադրութիւնը կապ ունի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման, այլ հիմնականօրէն սահմանի իրաւական ձեւակերպման բացակայութեան հետեւանք է: «Մենք կը մեկնինք այն կէտէն, որ հայ-ատրպէյճանական սահմանի առանձին շրջաններու մէջ իրադրութիւնը ուղղակիօրէն կապ չունի Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի լուծման հետ եւ սահմանի իրաւական ձեւակերպման բացակայութեան հետեւանք Է: Ընդհանուր ֆոնը, անտարակոյս, կը սաստկանայ կողմերուն փոխադարձ վստահութեան բացակայութեան պատճառով», նշեց  Զախարովան:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement