Արտակ Բեկլարեան Այցելեց Սահմանամերձ Գիւղեր

By Asbarez | Wednesday, 14 July 2021



ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արտակ Բեկլարեան այցելեց Մարտունիի շրջանի Միւրիշէն, Աւդուռ, Հացի եւ Նորշէն համայնքները, որոնք տեղակայուած են սահմանագիծի անմիջական հարեւանութեամբ:

Պետական նախարարը հանդիպումներ ունեցաւ նշուած գիւղերու բնակիչներուն հետ, ներկայացուց Արցախի ներկային ու ապագային վերաբերող պետական որոշ ծրագիրներ՝ ընդգծելով, որ Արցախի իւրաքանչիւր քաղաքացիի դերը կարեւոր է հայրենիքի անվտանգ ու զարգացած երկարաժամկէտ ապագայի կերտման մէջ։

«Կառավարութիւնը լայնածաւալ ծրագրեր է մեկնարկել բնակարանաշինութեան ուղղութեամբ, եւ առաջնագծամերձ բնակավայրերը լինելու են յատուկ ուշադրութեան տակ: Քննարկում ենք նաեւ եկամտի աղբիւրների ապահովման ծրագրեր՝ հաշուի առնելով պատերազմի հետեւանքով ձեւաւորուած նոր իրավիճակն ու դժուարութիւնները: Տեղեակ էք, որ արդէն մեկնարկել են նաեւ ճանապարհաշինութեան ու այլ ենթակառուցուածքային ծրագրեր, որոնք նպատակ ունեն աւելի բարենպաստ պայմաններ ապահովել յատկապէս գիւղական բնակավայրերի զարգացման համար: Այժմ մեր ակնկալիքն է, որ բոլորը նախաձեռնող լինեն պատերազմի հետեւանքների վերացման եւ պետութեան ու իւրաքանչիւր ընտանիքի յետագայ զարգացման ճանապարհին», նշեց նախարար Բեկլարեան։

Պետական նախարարը լսեց բնակիչներուն առաջարկները եւ պատասխանեց անոնց հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին Արցախի ապահովական եւ արտաքին քաղաքական զարգացումներուն, ընկերային-տնտեսական ծրագիրներուն ու տուեալ գիւղերու հիմնահարցերուն: Ան տուաւ որոշ յանձնարարականներ՝ խոստանալով ուշադրութեան տակ պահել ներկայացուած հիմնահարցերուն լուծման ընթացքը:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement