Արամ Մանուկեանի Դիմաքանդակը Յանձնուեցաւ ՀՅԴ Թանգարանին

By Asbarez | Tuesday, 21 September 2021


ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Արամ Մանուկեանի դիմաքանդակը իր արժանի տեղը գտաւ: Անիկա յանձնուեցաւ ՀՅԴ թանգարանին, ուր կայ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան նուիրուած մեծ ցուցասրահ մը: Գանատա բնակող տաղանդաւոր քանդակագործ Մկրտիչ Տարագճեան դիմաքանդակը խոստացած էր բերել անցեալ Սեպտեմբերին, սակայն «Քորոնա» համաճարակը խանգարած է անոր ծրագիրը:

Քանդակագործը կը փափաքէր, որ Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունենար առանձին թանգարան` Արամ Մանուկեանին նուիրուած:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան բարձր գնահատեց արուեստագէտին գործը: Դիմաքանդակը իր տեղը գտաւ թանգարանի հանապետութեան հիմնադիրներու միւս նմոյշներուն կողքին:

Քանդակագործը կը ծրագրէ իրականացնել բազմաթիւ ծրագիրներ, սակայն առաջնային եւ ամէնէն կարեւոր արուեստի նմոյշը պէտք է ըլլար ինքնին Արամ Մանուկեանի դիմաքանդակը, որովհետեւ անոր շնորհիւ դրուած են առաջին հանրապետութեան հիմնաքարերը:

comments