Հայաստան Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանին Մէջ Պաքուի Դէմ Դատ Բացաւ

By Asbarez | Tuesday, 21 September 2021



ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»․- Հայաստան ՄԱԿի գլխաւոր դատական մարմինին՝  Արդարադատութեան միջազգային դատարանին, գանգատ ներկայացուց Ատրպէյճանի դէմ՝ Ցեղային խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման միջազգային դաշինքի (CERD) պայմաններուն խախտումներու հիմքով:

Ըստ Արդարադատութեան միջազգային դատարանին՝ Հայաստան յայտնած է, որ տասնեակ տարիներէ ի վեր Ատրպէյճան հայերը ցեղային խտրականութեան կ՛ենթարկէ եւ պետութեան կողմէ հովանաւորուող հայատեացութեան քաղաքականութիւն կը մշակէ, եւ անոնց իբրեւ արդիւնք՝ հայերը ոչ միայն ենթարկուած են համակարգային խտրականութեան, այլ նաեւ՝ զանգուածային սպանութիւններու, խոշտանգումներու եւ այլ նուաստացումներու:

Կը նշուի, որ այդ գործելակերպը անգամ մը եւս գործադրութեան դրուած էր Սեպտեմբեր 2020ին` Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութիւններուն դէմ ատրպէյճանական յարձակումներուն ընթացքին, երբ Պաքու նշեալ դաշինքին պայմանները կոպտօրէն խախտեց:

Հայաստանի բողոքին մէջ կը շեշտուի, որ ռազմական գործողութիւններու աւարտէն ետք եւս, 10 Նոյեմբերէն ի վեր, Ատրպէյճան կը շարունակէ հայ ռազմագերիներու, պատանդներու, բանտարկուած այլ անձերու սպանութիւնները, խոշտանգումները եւ նուաստացումները:

«Հայաստան դատարանէն կը պահանջէ պատասխանատուութեան ենթարկել Ատրպէյճանը՝ CERD-ի խախտումներու համար, կանխել ապագայ վնասները եւ փոխհատուցել արդէն պատճառուած վնասը», կ՛ըսուի դատարանին հաղորդագրութեան մէջ:

Հայաստան նաեւ խնդրած է դատարանէն, որ կարգ մը ժամանակաւոր միջոցներու դիմէ, նկատի ունենալով հարցին ծայրայեղ հրատապութիւնը:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement