Թուրքիոյ Եւ Հայաստանի Ակնարկութիւնները, Յարաբերութիւններու Ստեղծման Մասին

By Asbarez | Tuesday, 21 September 2021



ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ռուսական «ԹԱՍՍ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի վարչապետի խօսնակ Մանէ Գէորգեան յայտարարեց, թէ Հայաստանի կառավարութիւնը պատրաստ է Թուրքիոյ հետ բարձր մակարդակի երկխօսութեան սկսելու, եթէ արդիւնաւէտ կապեր սկսին Երեւանի եւ Անգարայի միջեւ:

«Վարչապետը խորհրդարանի վերջին նստաշրջանի ընթացքում պատմել է Թուրքիայի հետ բանակցութիւններ սկսելու իր տեսլականի մասին` յայտարարելով, որ բարձր մակարդակի շփումներին պէտք է նախորդեն աշխատանքային քննարկումներ: Հայաստանի եւ Թուրքիայի պաշտօնական դէմքերի միջեւ դեռեւս չեն եղել շփումներ, չնայած Հայաստանի գործադիրը պատրաստ է նման շփումների: Նման արդիւնաւէտ աշխատանքի դէպքում Հայաստանը պատրաստ է բարձր եւ բարձրագոյն մակարդակի հանդիպումների«, յայտնեց Գէորգեան:

Հայաստանի վարչապետին խօսնակը այս հաստատումը կատարեց` պատասխանելով «Արմէնփրէս»ի հարցումին, որ կը վերաբերէր Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի օր մը առաջ կատարած այն յայտարարութեան, ըստ որուն, Վրաստանի վարչապետը իրեն ներկայացուցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի` հանդիպում ունենալու առաջարկը:

«Արդեօք Զանգեզուրի միջանցքը պիտի բացուի՞. Այդ մէկը քաղաքական հարց է: Զանգեզուրի միջանցքի բացումը դրական ներդրում պիտի ունենայ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններուն մէջ դժուարութիւններու յաղթահարման», յայտնեց Թուրքիոյ նախագահը:

Ան աւելցուց, որ եթէ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կ՛ուզէ իրեն հետ հանդիպում ունենալ, ուրեմն Հայաստան պէտք է դրական քայլերու ձեռնարկէ, իսկ եթէ այս հանդիպումը տեղի ունենայ, «Թուրքիա դիւանագիտական յարաբերութիւններ պիտի հաստատէ», դիտել տուաւ Էրտողան:

Նշենք, որ արդեն երկրորդ ամիսն է` պաշտօնական Երեւանը եւ Անգարան պատգամներ կը յղեն յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերող: Նախ Հայաստանի վարչապետը նշեց, թէ դրական ազդակներ կան Անգարայէն, ապա Թուրքիա բարձրագոյն` նախագահի, մակարդակով յայտարարեց, թէ պատրաստ է կարգաւորելու յարաբերութիւնները Երեւանի հետ` բարի դրացիութեան եւ միմեանց տարածքային ամբողջականութիւնը ճանաչնալու հիման վրայ:

 


comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement