Ատրպէյճանի Հսկողութեան Տակ Մնացած Են Արցախի 192 Բնակավայրեր, 185 Գիւղեր Եւ 7 Քաղաքներ

By Asbarez | Friday, 01 October 2021



ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Ազգային ժողովի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հանրային հարցերու մնայուն յանձնաժողովին կողմէ հրաւիրուած քննարկման ընթացքին, Հայաստանի մօտ Արցախի մնայուն ներկայացուցիչ Սերգէյ Ղազարեան խօսեցաւ 44օրեայ պատերազմին պատճառով արձանագրուած մարդկային, նիւթական եւ մշակութային կորուստներուն մասին։

Ըստ Ղազարեանի` պատերազմին իբրեւ արդիւնք հակառակորդին անցած են Արցախի Հանրապետութեան 192 բնակավայրեր՝ 185 գիւղեր եւ 7 քաղաքներ:

Ներկայիս, Արցախի մէջ բնակարանի խիստ կարիք կայ։ Մեծ վնասներ կրած են նաեւ Արցախի ենթակառուցուածքները, մասնաւորապէս 36 գործող ջրելեկտրակայաններէն մնացած են ընդամէնը 6ը: Լուրջ հարցեր կան հեռահաղորդակցութեան ոլորտին մէջ: Լրջօրէն տուժած են 1226 տնտեսվարող կառոյցներ, որոնք գործունէութիւն կը ծաւալեն Ատրպէյճանի բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ:

Ան շեշտեց, որ 44օրեայ պատերազմին լոյսին տակ, Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ գտնուող հայկական պատմամշակութային ժառանգութիւնը լուրջ վտանգի տակ է։ Ըստ անոր՝ վտանգուած է ատրպէյճանական վերահսկողութեան տակ անցած առաւել քան 2000 յուշարձաններու ճակատագիրը, որոնց կարգին՝ 13 վանական համալիրներ, 122 եկեղեցիներ, 52 ամրոցներ եւ 523 խաչքարեր: Արցախի կորսուած տարածքներուն մէջ մնացած են 127 դպրոցական գրադարաններ, 12 թանգարաններ` առաւել քան 20 հազար նմուշներով։

Սերգեյ Ղազարեան յայտնեց, որ 9 Նոյեմբեր 2020ի զինադադարէն ետք եւս արձանագրուած են հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման եւ վանտալիզմի դէպքեր` ներառեալ Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եւ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցիները դիտաւորեալ կերպով թիրախ դարձնելու եւ վանտալիզմի դէպքերը:

Խօսելով մարդկային կորուստներուն մասին՝ Ղազարեան յայտնեց, որ 44օրեայ պատերազմին զոհուած են Արցախի Հանրապետութեան 742 զինուորներ, Արցախի քաղաքացիութիւն ունեցող 45 զինուորներ մինչ օրս կը նկատուին անհետ կորսուածներ: Սպաննուած են 80 քաղաքացիներ, որոնցմէ 42ը՝ թիրախային հարուածերու իբրեւ արդիւնք: Գերութեան մէջ են 38 անձեր:

Ըստ անոր՝ պատերազմին պատճառվ կան 42 հազար տեղահանուածներ, որոնցմէ 38,154 քաղաքացիներ զրկուած են բնակավայրէ եւ անշարժ գոյքերէ:

Տեղահանուածներէն 15 հազարը Ստեփանակերտ կը գտնուին, 5000ը` Արցախի միւս շրջաններուն մէջ:

«Նախատեսւում է մինչեւ տարեվերջ Ստեփանակերտում կառուցել 300 բնակարան` տեղահանուածներին տեղաւորելու նպատակով։ Նաեւ շրջաններում չբնակեցուած տներն են ներառուելու այս ծրագրում», նշեց Ղազարեան:

Տուեալներ փոխանցեց նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան, որ դիտել տուաւ, թէ պատերազմէն շուրջ մէկ տարի ետք մօտաւորապէս երկու տասնեակ քաղաքացիներու ճակատագիրը տակաւին անյայտ է: «Նրանք հիմնականում տարեցներ են եւ հաշմանդամութիւն ունեցող անձինք, որոնք եւս մնացել են Հադրութի, Շուշիի, Ասկերանի շրջանի համայնքներում եւ չեն հասցրել տարհանուել իրենց բնակութեան վայրից, եւ ես կարող եմ ենթադրել, որ այդ անձանց նկատմամբ եւս խոշտանգումներ են կիրառուել, նրանք եւս սպաննուել են, սակայն նրանց դիակները մինչեւ այսօր հայկական կողմին չեն փոխանցուել, կամ էլ, կարող ենք ենթադրել, որ նրանց մի մասը դեռեւս գտնւում է ադրբեջանական գերութեան մէջ, բայց Ադրբեջանը որեւէ իրական տեղեկութիւն նրանց որպիսութեան մասին չի տրամադրում», նշեց ան։

Ըստ Ստեփանեանի՝ իր այս ենթադրութիւնը հիմնաւորուած է. նախորդ մէկ տարուան ընթացքին զոհուած են 80 խաղաղ բնակիչներ, անոնց միայն կէսը` հեռահար զէնքերով, միւսները մնացած են ատրպէյճանական վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ:

«Չեն հացրել տարհանուել իրենց բնակութեան վայրերից այն բանից յետոյ, երբ ադրբեջանցիները ներխուժել են: Այս բոլոր 38 անձանց դիակների փորձագիտական զննութեան արդիւնքները ցոյց են տուել, որ նրանց նկատմամբ կիրառուել են խոշտանգումներ եւ կտտանքներ ադրբեջանցիների կողմից, սրանք բոլորն էլ հաստատուած եւ անառարկելի ապացոյցնէր ունեցող դէպքեր են», յայտնեց Ստեփանեան:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement