Միջազգային Ընտանիքը Եւ Գերտէրութիւններ Դարձեալ Կը Թերանան Ատրպէյճանը Դատապարտելուն Մէջ

By Asbarez | Wednesday, 17 November 2021

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայ-ատրպէյճանական սահմանին արձանագրուած դէպքին գծով մտահոգութիւն յայտնեցին զանազան երկիրներ եւ միջազգային կառոյցներ, որոնք դարձեալ կողմերը հաւասարեցուցին եւ իրերը իրենց անունով չկոչեցին՝ դատապարտելու Ատրպէյճանը եւ անոր բռնարարքները։

Փարիզ դիտել տուաւ, որ խիստ մտահոգուած է հայ-ատրպէյճանական սահմանին իրավիճակի վատթարացման գծով։ «Ֆրանսա խոր անհանգստութիւն կը յայտնէ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի սահմանի կարգ մը հատուածներու մէջ ապահովութեան իրավիճակի վատթարացման եւ ծանր զրահամեքենաներու ենթադրեալ կիրարկման առնչութեամբ, որ բազմաթիւ զոհերու պատճառ դարձած է, յատկապէս` հայկական կողմէն», յայտարարեց երկրի արտաքին գործոց նախարարութիւնը` դիմելով թէʹ Հայաստանին եւ թէ Ատրպէյճանին՝ յարգելու հրադադարի դրութիւնը եւ յանձնառու մնալու 9 Նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան։

Իրան իր կարգին կոչ ուղղեց Հայաստանին ու Ատրպէյճանին` յարգելու միջազգայնօրէն ճանաչուած սահմանները եւ զսպուածութիւն ցուցաբերելու` տարակարծութիւնը երկխօսութեամբ ու խաղաղ ուղիով լուծելու համար: «Ստեղծուած իրավիճակը վտանգաւոր է տարածաշրջանին մէջ վերջնական խաղաղութեան եւ բարգաւաճման հասնելու համար», յայտարարեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Սաթէ Խաթիպզատէ` աւելցնելով, որ Իրան, «ինչպէս անցեալին, այսօր ալ պատրաստ է աջակցելու երկու կողմերուն` հակասութիւնները հարթելու, եւ տարածաշրջանին մէջ կայունութիւն ու անվտանգութիւն հաստատելու»։

Աւելի կանուխ այս մասին հեռաձայնային զրոյց ունեցան Ռուսիոյ եւ Իրանի նախագահները: Պաշտօնական Թեհրանը յայտարարեց, որ անոնք շեշտեցին, որ` «տարածաշրջանին մէջ սահմաններու փոփոխութիւնը անթոյլատրելի է»:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն եւս ունեցան հեռաձայնային զրոյց մը, որուն ընթացքին այլ հարցերու կողքին անոնք քննարկեցին Արցախի տագնապի լուծման հարցը։ Քրեմլինի պաշտօնական կայքը կը նշէ, որ Ռուսիոյ նախագահը ընդգծեց, որ Ռուսիա պիտի շարունակէ ձեռնարկել քայլերու, որոնք պիտի նպաստեն կացութեան կայունացման եւ Ռուսիոյ միջնորդութեամբ ձեռք բերուած եռակողմ համաձայնութիւններու հետեւողական իրականացման։

ԵԱՀԿի նախագահ, Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Ան Լինտէ իր ամբողջական աջակցութիւնը յայտնեց Մինսքի խմբակի համանախագահներուն 15 Նոյեմբերի յայտարարութեան: «Կը կիսեմ Մինսքի խմբակի համանախագահներու խոր մտահոգութիւնը՝ տարածաշրջանին մէջ, ներառեալ նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի միջադէպերուն վերաբերեալ։ Իմ ամբողջական աջակցութիւնը կը յայտնեմ անոնց ջանքերուն եւ կողմերուն կոչ կ՛ուղղեմ՝ անյապաղ դադրեցնելու մագլցումը եւ հրատապ հարցերու լուծման համար քայլերու ձեռնարկելու», «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ գրած է Լինտէ։

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը իր կարգին դիտել տուաւ, որ Ուաշինկթըն անհանգստացած է Հայստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանի իրադրութեամբ եւ կոչ կʹուղղէ կողմերուն՝ դադրեցնելու ռազմական գործողութիւնները եւ վերսկսելու առարկայական բանակութիւններու, որոնց կարգին ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահներու հովանիին տակ` յանուն համընդգրկուն որոշումներու բոլոր չկարգաւորուած հարցերով, որոնք այս կամ այն կերպով կապ ունին ղարաբաղեան հակամարտութեան հետ։

ՄԱԿը եւս յորդորեց Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը` հարցերը կարգաւորելու երկխօսութեամբ եւ զսպուածութիւն ցուցաբերելու,  ու առաջնորդուելու 9 Նոյեմբեր 2020ի յայտարարութեամբ։ Կառոյցի գլխաւոր փոխքարտուղար  Ֆարհան Հաք դիտել տուաւ, որ իրենք անհանգիստ են վերջին բռնութիւններուն մասին հաղորդումներով։

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) մամլոյ քարտուղարը նշեց, որ քարտուղարութիւնը առայժմ պաշտօնական դիմում չէ ստացած Հայաստանէն հայ-ատրպէյճանական սահմանային լարուածութեան գծով։

«ՀԱՊԿի մէջ ուշադիր կը հետեւինք իրավիճակին եւ կը կարծենք, թէ տագնապը պէտք է լուծուի միայն քաղաքական-դիւանագիտական ուղիով», յայտնեց Վլատիմիր Զէյնեթտինով:

«Եւրոպական Միութիւնը Պաքուին ու Երեւանին կոչ կ՛ուղղէ՝ անյապաղ մեղմացնելու լարուած կացութիւնը եւ սահմանին վրայ ամբողջական զինադադար հաստատելու», «Թուիթըր»ի վրայ գրառում կատարելով` կը յայտնէ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել` աւելցնելով, որ բանակցութիւններ վարած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ «Տարածաշրջանին մէջ կացութիւնը դժուար է. Եւրոպական Միութիւնը հաւատարիմ է՝ գործընկերներու հետ աշխատելու, որպէսզի յաղթահարուի լարուածութիւնը՝ բարգաւաճ եւ կայուն Հարաւային Կովկասի համար», ըսաւ Միշել։

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement