Մհեր Գրիգորեան Յանձնաժողովներու Առաջին Հանդիպումը Կառուցողական Կը Համարէ

By Asbarez | Saturday, 28 May 2022



ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան կառուցողական նկատեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման եւ սահմանային ապահովութեան հարցերու յանձնաժողովներու առաջին հանդիպումը:

Գրիգորեան, որ կը ղեկավարէ նաեւ Հայաստանի յանձնաժողովը, «Թասս»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ առաջին հանդիպման քննարկած են բացառապէս հետագայ համատեղ աշխատանքին վերաբերող կազմակերպչական հարցեր:

«Մայիսի 24ին մենք հանդիպեցինք սահմանին: Հանդիպումը համարում եմ կառուցողական: Յանձնաժողովների յաջորդ հանդիպման ժամկէտների շուրջ պայմանաւորուածութիւն դեռեւս չկայ, սակայն կայ հաստատում, որ հանդիպումը կայանալու է Մոսկուայում», ըսաւ ան։

Գրիգորեան նաեւ հաստատեց, որ յաջորդ շաբաթ Մոսկուայի մէջ տեղի  պիտի ունենայ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի փոխվարչապետերու միացեալ համանախագահութեամբ երթեւեկի ուղիներու եւ տնտեսական հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման եռակողմ աշխատանքային խումբի հանդիպումը:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement