Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Վերախմբագրած Է Փառուխի Վերաբերող Լաւրովի Յայտարարութիւնը

By Asbarez | Saturday, 11 June 2022

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ներկայացուց արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի՝ 9 Յունիսին, Երեւանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ մամլոյ ասուլիսի սղագրութիւնը, որուն մէջ արցախեան Փառուխ գիւղին վերաբերեալ անոր պատասխանը եւ յայտարարութիւնը էականօրէն փոխուած են։

Յիշեցնենք, որ 9 Մայիսին, Լաւրով, պատասխանելով համապատասխան հարցումին՝ ըսաւ, որ Փառուխ գիւղին կացութիւնը առաջնահերթութիւն է ռուս զինուորներուն համար, որ հոն արդէն կան որոշ արդիւնքներ կացութեան լարուածութեան մեղմացման տեսանկիւնէն։ «Եւ մենք կը գիտակցինք, որ սահմանազատման հարցով արդէն սկսող առարկայական աշխատանքի ծիրին մէջ, այս հարցերը պիտի քննարկուին եւ անպայման պիտի լուծուին», շեշտած էր Լաւրով։

Մինչդեռ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան սղադրութեան մէջ կ՛ըսուի, որ իբր թէ Լաւրով տուաւ հետեւեալ պատասխանը. «Յոյս ունինք, որ հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման հոլովոյթի գործարկումը պիտի նպաստէ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ վստահութեան բարձրացման ոեւ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի պատասխանատուութեան գօտիին մէջ պիտի չարտօնէ Փառուխի նման միջադէպեր»։

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement