
ԵՐԵՒԱՆ.- Նախագահ Սերժ Սարգսեան դէպի Լոնտոն մեկնումի ճամբուն վրայ, Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլին յղած է ուղերձ մը, որուն մէջ յայտնած է.
<<Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները կարգաւորելու մեր նախաձեռնութիւնը գտնւում է միջազգային հանրութեան ուշադրութեան կիզակէտում: Պահն իրաւամբ պատմական է, եւ դա գիտակցում ենք ոչ միայն մենք, այլեւ՝ ողջ աշխարհը: Երկկողմ յարաբերութիւնների բարելաւման գործում անգնահատելի են տարածաշրջանում ներգրաւուած տէրութիւնների ջանքերը: Համոզուած եմ, որ առանց նրանց միջնորդութեան, դժուար կը լինէր առաջընթաց գրանցել: Դրա հետ մէկտեղ, կարծում եմ, որ որքան էլ բարեկամ պետութիւնները շահագրգռուած լինեն գործընթացի դրական հանգուցալուծման մէջ, չեն կարող անել այն, ինչ ի զօրու են անել մեր երկու ժողովուրդները:
<<Պարոն Նախագահ,
<<Կարծում եմ կը համաձայնէք, որ հայ եւ թուրք ժողովուրդների՝ միմեանց հանդէպ ունեցած կարծրատիպը կոտրելու, փոխվստահութեան մթնոլորտ ձեւաւորելու խնդրում հիմնական դերը վերապահուած է իշխանութիւններին: Միայն մեր գործի հանդէպ ունեցած հաւատի, վճռականութեան եւ սկզբունքայնութեան շնորհիւ, մենք կարող ենք հասնել արդիւնքի: Այլապէս, երբ հակասում են գործն ու խօսքը, դա ծնում է անվստահութիւն եւ թերահաւատութիւն՝ գործունէութեան լայն դաշտ բացելով գործընթացին դէմ ուժերի համար: Մենք պէտք է գիտակցենք, որ ժամանակն այս դէպքում ոչ թէ նպաստում է գործընթացին, այլ՝ իմաստազրկում այն:
<<Եթէ մինչ այս պահը մեզ յաջողուել է երկկողմ շփումները բերել այնպիսի մակարդակի, որտեղից շատ աւելի տեսանելի ու շօշափելի է դառնում մեր երկրների միջեւ բնականոն յարաբերութիւնների կառուցման ապագան, ապա այսօր պահն է հանդէս բերելու վճռականութիւն, կատարելու մեծ քայլ առաջ՝ ապագայ սերունդներին ժառանգելով կայուն ու անվտանգ տարածաշրջան>>:
Նախագահ Սերժ Սարգսեանի այս ուղերձը դրականօրէն գնահատուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի կողմէ:
Վերջինս, որ տակաւին մէկ օր առաջ մեղադրած էր Հայաստանի իշխանութիւնները՝ հայ-թրքական յարաբերութիւնները կարգաւորելու գործընթացին հանդէպ <<բարի նպատակներ չցուցաբերելու>> համար, Անգարայի մէջ երէկ ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ուղերձը նկատած է <<դրական>> քայլ:
Միւս կողմէ, Երեւանի մէջ, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, <<Ազատութիւն>> ռատիօկայանին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին համոզում յայտնած է, թէ նախագահ Սերժ Սարգսեանի ուղերձը Թուրքիոյ նախագահին վրայ գործադրուող ճնշում է, թերեւս նոյնիսկ զգուշացում՝ գործընթացի ձգձգման գծով <<համբերութիւնը հատելու վերաբերեալ>>:
Մարգարեան <<Ազատութիւն>>ի թղթակիցին յայտնած է, թէ Թուրքիան ալ, իր կարգին Հայաստանի վրայ ճնշում կը գործադրէ. մասնաւորապէս, հիմնական խնդիրը Թուրքիոյ համար, այս պահուն, Ղարաբաղի հարցն է եւ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանին որոշումը, այն առումով, որ Ազգային ժողովի կողմէ արձանագրութիւնները վաւերացնելու ընթացքին այդ որոշումը վերապահում չդառնայ: Եւ քանի որ Թուրքիոյ <<յաջողւում է այս առումով ճնշումներ բանեցնել>>, ապա գործընթացին ձգձգումը, ըստ Մարգարեանի, ի վնաս Հայաստանին է:
ՀՅԴ ներկայացուցիչը այս իրվաիճակին մէջ անհրաժեշտ կը գտնէ, որ Հայաստանը, ամէնէն ուշը Մարտին, բանակցութիւնը ձախողած համարէ՝ Թուրքիոյ մեղքով:
Ընդգծելով, որ արձանագրութիւնները Ազգային ժողովին կողմէ պէտք է վերապահումով վաւերացուին՝ Մարգարեանը միաժամանակ նշած է, թէ Դաշնակցութիւնը այս առումով մտահոգ է, հետեւաբար պէտք է ամէն կերպով Ազգային ժողովը համոզէ, որ հաւատարիմ մնայ Սահմանադրական դատարանի որդեգրած մօտեցումներուն:
Արդեօ՞ք ՀՅԴ յաջողած է համոզել նախագահը՝ արձանագրութիւնները վերապահումով վաւերացնելու գծով: Այս հարցումին Մարգարեան արձագանգած է ըսելով. <<Մեր պայքարը պատճառ դարձաւ, որ Սահմանադրական դատարանը այդ որոշումը կայացնի: Եւ այդ որոշման կայացման մէջ անմասն չէ նախագահ Սերժ Սարգսեանը: Եւ դա ուրախացնող երեւոյթ է... Չեմ կարող ասել փոփոխութեան մասին: Ես կարծում եմ, որ արդար է եթէ ասենք, որ ինչ որ կարծրացում կայ դիրքորոշումների առումով՝ թէ՛ Ղարաբաղի հարցում, թէ՛ հայ-թուրքական յարաբերութիւնների հարցում: Աւելի ազգային է դարձել, աւելի դէպի ճիշդն է դիրքորոշուել Սահմանադրական դատարանի որոշումով: Բայց դա կիսատ է, դա պէտք է կարողանալ մինչեւ վերջ տանել>>:
Արձանագրութիւնները առանց վերապահումներու վաւերացման պարագային, Դաշնակցութիւնը պիտի պահանջէ՞ Սերժ Սարգսեանի հրաժարականը: <<Ազատութիւն>> ռատիօկայանի նշեալ հարցումին Մարգարեանի պատասխանը եղած է. <<Սերժ Սարգսեանի հրաժարականը պահանջելու կամ չպահանջելու մէջ ոչ մի բովանդակութիւն գոյութիւն չունի: Բովանդակութիւնը գործն է: Եթէ մենք ընդդիմութիւն ենք, նշանակում է, որ ուզում ենք այս իշխանութիւնը փոխենք>>: