Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

By Asbarez | Friday, 08 September 2023

'

28 Օգոստոսին, Հակարիի անցակէտէն Ատրպէյճանի կողմէ առեւանգուած երեք ուսանողները՝ Վահէ Յովսէփեան, Ալէն Սարգսեան եւ Լեւոն Գրիգորեան վերադարձուեցան հայկական կողմին:

«Ազատութեան» Սիւնիքի թղթակիցը հաղորդեց, որ Հակարիի կամուրջէն այս կողմ՝ Կոռնիձորի մէջ, զանոնք կը սպասէին Հայաստանի մէջ ապրող արցախցիներ:

«Հայկական կողմը տղաներին սպասում էր 15:30ին, բայց ադրբեջանական կողմը 2.5 ժամ ուշացումով նրանց փոխանցեց սահմանապահ զօրքերին: Հայկական անցակէտում նաեւ արցախցի ուսանողների ընկերներն էին սպասում, նրանք ասացին, որ տեսել են արցախցի ուսանողներին եւ հասցրել են միայն բարեւել եւ ենթադրեցին, որ տղաներին սահմանապահ զօրքերի աշխատակիցները կը տանեն Երեւան», տեղեկացուց Տիգրան Յովսէփեան:

Երիտասարդներու ծնողները Արցախ գտնուելով՝ կարելիութիւնը չունեցան Պաքուէն եկած իրենց որդիները տեսնելու: Մինչ այդ, անոնք չէին կրցած հեռաձայնով ալ խօսիլ անոնց հետ:

Ըստ Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանի՝ երիտասարդներուն փոխանցումը հայկական կողմին տեղի ունեցաւ ռուս խաղաղապահներուն մասնակցութեամբ: Ան նշեց, որ անոնց առեւանգումի, Ատրպէյճանի կողմէ կամայական եւ ապօրինի ազատազրկման ընթացքին անոնց նկատմամբ ցուցաբերուած վերաբերմունքը եւ առողջական իրավիճակը տակաւին պիտի ուսումնասիրուին:

Ստեփանեան 7 Սեպտեմբերին հրապարակած իր յայտարարութեան մէջ նշեց նաեւ Հակարիի ատրպէյճանական անցակէտէն առեւանգուած երկու արցախցիները՝ Վագիֆ խաչատրեանն ու Ռաշիդ Բեգլարեանը, որոնք Ատրպէյճանի մէջ ազատազրկուած են:

«Ադրբեջանի կողմից կեղծ եւ շինծու քրէական գործերի յարուցումը աներկբայ փաստում են, որ Հակարիի կամրջի մօտ տեղակայուած ադրբեջանական անօրինական անցակէտը ուղիղ եւ անհերքելի սպառնալիք է Արցախի բնակչութեան ֆիզիքական գոյութեան եւ հիմնարար իրաւունքների պաշտպանութեան համար», նշեց ան:

Ըստ Ստեփանեանի՝ այդ անցակէտը Ատրպէյճանի յանցաւոր կամայականութիւնները սպասարկելու գործիքի վերածուած է, եւ հոն կ՛առեւանգուին ու բանտարկուին պարզ քաղաքացիներ:

comments

Advertisement