Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը յանձնառու կը մնայ վճռակամութեամբ նշելու Ցեղասպանութեան 100ամեակը

By Asbarez | Monday, 09 February 2015

 

 

ՊԷՅՐՈՒԹ.- Անցած երեք օրերուն ընթացքին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, յաջորդաբար տեղի ունեցան Ազգային կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու լիակատար նիստերը՝ մասնակցութեամբ յիշեալ մարմիններու Լիբանանի եւ արտասահմանի անդամներուն: Ազգային կեդրոնական վարչութեան ժողովներուն յաջորդեց թեմակալ առաջնորդներու հանդիպումը յիշեալ մարմիններուն հետ: Վարչական, տնտեսական, յարաբերական եւ այլ բազմաթիւ հարցերու շարքին, ժողովական հանդիպումները յատուկ կարեւորութեամբ անդրադարձան հետեւեալ նիւթերուն.

1.- Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի նշում: Այս գծով զեկուցումներ տրուեցան նախ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունենալիք ձեռնարկներուն ու կատարուելիք աշխատանքներուն մասին, ազգային թէ միջազգային մակարդակներու վրայ: Ապա, իւրաքանչիւր առաջնորդ իր թեմին մէջ տեղի ունենալիք նախաձեռնութիւններուն շուրջ տեղեկագիր ներկայացուց: Կատարուեցաւ լայն քննարկում: Վեհափառ հայրապետը եզրակացնելով տրուած զեկուցումները ու կատարուած քննարկումները, շեշտեց հետեւեալ կէտերը.

ա) 100ամեակին առիթով տեղի ունենալիք ձեռնարկներուն շրջագիծին մէջ անհրաժեշտ է առաջնահերթ կարեւորութիւն տալ մեր պահանջատիրութեան ու անոր քաղաքական եւ իրաւական երեսներուն:

բ) Միասնական ոգիով ու համագաղութային տարողութեամբ պէտք է նշել 100ամեակը՝ առանցքային կարեւորութիւն տալով Երեւանի մէջ յայտարարուած Համահայկական հռչակագիրին:

2.- Սրբադասում Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն: Վերջին քանի մը տարիներուն այս ուղղութեամբ յատուկ աշխատանք տարուած էր Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նշանակած խառն յանձնախումբին կողմէ: Ժողովականները տեղեակ դարձան ցարդ կատարուած աշխատանքներուն ու ողջունեցին այդ յոյժ կարեւոր քայլը՝ հայ եկեղեցւոյ կողմէ առնուած: Անոնք նաեւ տեղեակ դարձան 23 Ապրիլին, Սուրբ Էջմիածնի մէջ, նախագահութեամբ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ մասնակցութեամբ երկու աթոռներու եպիսկոպոսներուն տեղի ունենալիք սրբադասման արարողութեան, որուն մեր ժողովուրդի զաւակները, Հայաստանի թէ արտասահմանի մէջ, պատկերասփիւռի ճամբով առիթը պիտի ունենան մօտէն հետեւելու:

 

3.- Միջեկեղեցական եւ միջկրօնական յարաբերութիւններ: Յիշեալ բնագաւառներուն մէջ անցնող ամիսներուն կատարուած աշխատանքներուն մասին ժողովականներ լայն զեկուցում մը լսեցին: Իր եզրափակիչ խօսքին մէջ վեհափառ հայրապետը ժողովականներու ուշադրութեան յանձնեց հետեւեալ կէտերը.

ա) Միջեկեղեցական գործակցութիւնը քրիստոնէական աշխարհի կարեւոր երեւոյթներէն մէկն է: Հակառակ այս ծիրին մէջ վերջին շրջանին տեղի ունեցած զգալի նահանջին, անհրաժեշտ է, որ մեր եկեղեցին իր պատմութենէն ժառանգած չափաւորական մօտեցումով եւ դրական կեցուածքով շարունակէ իր գործօն մասնակցութիւնը բերել միջեկեղեցական շարժումին:

բ) Միջկրօնական երկխօսութիւնը ընդհանրապէս եւ իսլամ-քրիստոնեայ երկխօսութիւնը մասնաւորաբար ստացած է առաջնահերթ կարեւորութիւն վերջին տարիներուն տեղի ունեցող անցուդարձերուն լոյսին տակ: Հետեւաբար, մեր եկեղեցին մասնակից պէտք է դառնայ այն բոլոր նախաձեռնութիւններուն, որոնք կը դատապարտեն ծայրայեղականութիւնը եւ կը քաջալերեն քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութիւնը:

4.- Միւռոնօրհնէք եւ յարակից ձեռնարկներ: Ժողովականները տեղեակ դարձան, թէ Շաբաթ, 18 Յուլիսին միւռոնօրհնէք տեղի պիտի ունենայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ վերածնունդը խորհրդանշող յուշարձանին շուրջ: Այս առիթով նաեւ ծրագրուած են հետեւեալ հանդիսութիւնները. նոյն օրը առաւօտեան <<Թռչնոց բոյն>>ի մէջ Ցեղասպանութեան ու որբերու թանգարանի բացում. յաջորդ օրը, Կիրակի՝ Անթիլիասի Նահատակաց յուշարձան-մատրան շուրջ միջեկեղեցական արարողութիւն. նոյն օրը երեկոյեան՝ մշակութային ձեռնարկ, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ: Յիշեալ ձեռնարկներուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ պիտի տրուին յառաջիկային: Առաջնորդ սրբազանները յայտնեցին, որ այս առիթով իրենց թեմերուն մէջ ուխտագնացութիւնները սկսած են կազմակերպուիլ դէպի Անթիլիաս:

5.- Դպրեվանք: Դպրեվանքի տեսուչ հայր սուրբը տեղեակ պահեց ժողովականները դպրեվանքի կրթական կեանքին, աշակերտութեան թիւին, կրթական մակարդակին, եւ ընդհանրապէս դպրեվանքին հետ աղերս ունեցող շարք մը նախաձեռնութիւններուն ու իրագործումներուն մասին: Ան նաեւ յայտնեց, որ շաբաթ մը առաջ Երեւանի մէջ դպրեվանքի ու Երեւանի համալսարանին միջեւ գործակցութեան համաձայնագիր մը ստորագրուած է: Վեհափառ հայրապետը յիշեցուց ներկաներուն, թէ դպրեվանքը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կեանքին առանցքն է. ան մեր հոգեւոր ու մտաւոր կազմաւորման դարբնոցն է: Այս գիտակցութեամբ մեր ժողովուրդի զաւակները պէտք է զօրավիգ կանգնին դպրեվանքի առաքելութեան:

6.- Քրիստոնէական դաստիարակութիւն: Այս բաժանմունքի պատասխանատու հայր սուրբերը զեկուցեցին իրենց կատարած աշխատանքներուն մասին, որոնք կը ներառեն տիկիններու յատուկ դասախօսութիւններ ու սեմինարներ, ինչպէս նաեւ հրատարակութիւններ, պատկերասփիւռի, ձայնասփիւռի եւ լսողատեսողական միջոցներու յատուկ յայտագիրներ, որոնց նպատակը թէ՛ մանուկներուն, թէ՛ երիտասարդներուն եւ թէ ընդհանրապէս մեր ժողովուրդի զաւակներուն փոխանցել է մեր հոգեւոր ու բարոյական արժէքները: Այս ծիրին մէջ նաեւ լայնօրէն քննարկուեցան Կիրակնօրեայ վարժարաններուն առնչուած աշխատանքներն ու ծրագիրները:

7.- Երիտասարդութիւն: Ժողովականներ թէ՛ զեկուցումներու եւ թէ քննարկումներու ճամբով լայնօրէն անդրադարձան երիտասարդութեան առնչուած հարցերուն ու ծրագիրներուն: Այս բնագաւառին մէջ կը գործեն կաթողիկոսարանի Երիտասարդաց բաժանմունքը, Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութիւնը (ՀԵՀՈՄ) եւ Հայ համալսարանաւարտներու համախմբումը: Ժողովականներ կարեւորութեամբ ընդգծեցին մեր երիտասարդները դէպի եկեղեցի, գաղութ եւ հայութիւն առաջնորդելու հրամայականը:

8.- Շինարարական աշխատանքներ: Կաթողիկոսարանի Կալուածոց յանձնախումբը զեկուցեց վերջին ութ ամիսներուն իր կատարած աշխատանքներուն մասին: Այս մարզին մէջ անդրադարձ եղաւ յատկապէս Պիքֆայայի վանքին մէջ կատարուած շինարարական կարեւոր իրագործումներուն (միաբանական շէնք, Նահատակաց խորան, շրջափակի ընդլայնում, վանքի նոր մուտք եւ այլն), ինչպէս նաեւ կաթողիկոսարանին ու <<Թռչնոց բոյն>>ին մէջ տեղի ունեցած շինարարական աշխատանքներուն: Յանձնախումբը նաեւ զեկուցեց կալուածներու շահարկման առնչուած կարգ մը ծրագիրներուն մասին: Ժողովականները ողջունեցին շինարարական կարեւոր իրագործումները, որոնք կատարուած են մեր բարերարներուն կողմէ:

9.- Հանդիպումներ զանազան կառոյցներու խնամակալութեանց հետ: Յաջորդաբար իրենց աշխատանքներուն մասին զեկուցումներ ներկայացուցին կաթողիկոսարանին առնչուած հետեւեալ հաստատութիւններու խնամակալութիւնները.- Ազգային ծերանոց, <<Թռչնոց բոյն>>, Ազունիէի Ազգային բուժարան: Տրուած զեկուցումներէն ի յայտ եկաւ, որ հակառակ յիշեալ կառոյցներուն դիմագրաւած տնտեսական դժուարութիւններուն, անոնք նուիրումով կը ծառայեն մեր ժողովուրդի զաւակներուն. <<Թռչնոց բոյն>>ը՝ մեր անտէր մանուկներուն, Ազգային ծերանոցը՝ մեր երէցներուն ու Ազունիէի Ազգային բուժարանը՝ բժշկական խնամքի կարօտ մեր զաւակներուն:

10.- Հայագիտական-կրթական աշխատանքներ: Այս աշխատանքներուն լծուած է կաթողիկոսարանի Կրթական-հայագիտական բաժանմունքը: Յիշեալ աշխատանքները կ՛ընդգրկեն <<Խաչիկ Պապիկեան>> ֆոնտին առնչուած կրթական-ուսումնական ծրագիրներ, արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան լծուած յանձնաժողովի աշխատանքները եւ հայագիտական նիւթերու խտացեալ դասընթացքը: Կրթական ու հայագիտական աշխատանքներուն մաս կը կազմէ նաեւ կաթողիկոսարանին մէջ գործող ուսուցչաց պատրաստութեան յատուկ Մանկավարժական կեդրոնը: Տրուած զեկուցումներուն լոյսին տակ տեղի ունեցաւ ընդհանուր քննարկում, որմէ ետք վեհափառ հայրապետը կարեւորութեամբ յիշեցուց արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան հրամայականը, ուսուցիչներու պատրաստութեան առաջնահերթութիւնը, ինչպէս նաեւ մեր մշակութային արժէքներու տարածման անհրաժեշտութիւնը:

11.- Տնտեսական կացութիւն: Կաթողիկոսարանի տնտեսական կացութեան մասին ժողովականներուն տրուած մանրամասն զեկուցումը եկաւ ցոյց տալու, թէ կաթողիկոսարանը տնտեսական իմաստով հեռու է ինքնաբաւ ըլլալէ: Կաթողիկոսարանի ընթացիկ պիւտճէն շուրջ երկու միլիոն տոլար է, որուն աւելի քան մէկ երրորդը բաց է: Կաթողիկոսարանի պիւտճէին կարեւոր մասը կը յատկացուի դպրեվանքին: Կաթողիկոսարանը ունի նաեւ հրատարակչական ու կրթական հիմնադրամներ, որոնց եկամուտը կը յատկացուի նոյն նպատակներուն: Վեհափառ հայրապետը յայտնեց, որ այս փոքր պիւտճէով հսկայ աշխատանք կը կատարուի կաթողիկոսարանին կողմէ: Ան նաեւ յիշեցուց մեր թեմերուն, թէ անհրաժեշտ է յատուկ աշխատանք տանիլ կաթողիկոսարանը ինքնաբաւ դարձնելու իմաստով:

12.- Սուրիոյ հայութեան վերականգնումը: Այս մասին մանրամասն զեկուցում տրուեցաւ թեմակալ առաջնորդին կողմէ: Ազգային կեդրոնական վարչութիւնն ու թեմակալ առաջնորդները իրենց զօրակցութիւնը յայտնելով Սուրիոյ հայութեան, յանձնառու եղան շարունակելու իրենց մասնակցութիւնը բերել սուրիահայութեան վերականգնումի աշխատանքներուն: Վեհափառ հայրապետը իր եզրափակիչ խօսքին մէջ շեշտեց հետեւեալ կէտերը.

ա) Սուրիոյ հայութեան վերակազմակերպումը եւ վերականգնումը պէտք է մնայ առաջնահերթութիւն՝ համահայկական տարողութեամբ: Թէ՛ Հայաստանի պետութիւնը եւ թէ մեր գաղութները զգացական արտայայտութիւններ ու մտահոգութիւններ պարզելէ անդին պէտք է գործնապէս մասնակից դառնան Սուրիոյ հայութեան վերականգնումին, յատկապէս իրենց նիւթական մասնակցութիւնը բերելով կարիքաւոր ընտանիքներուն, մեր դպրոցներուն ու մեր համայնքային կառոյցներուն:

բ) Մենք դէմ ենք Միջին Արեւելքի մէջ մեր ժողովուրդի արտագաղթին: Պէտք է յատուկ աշխատանք տանիլ, որ մեր ժողովուրդին զաւակները կառչած մնան շրջանին: Միջին Արեւելքի մէջ մեր ժողովուրդի կազմակերպ ներկայութիւնը կենսական է թէ՛ սփիւռքի, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ մեր ժողովուրդի Դատին համար:

13.- Սիսի պատմական կաթողիկոսարանի վերադարձը պահանջող դատ՝ Թուրքիոյ դէմ: Վեհափառ հայրապետը ժողովականներուն անհրաժեշտ տեղեկութիւնները փոխանցեց այս հարցին մասին: Վեհափառ հայրապետը ըսաւ, թէ անցնող շուրջ երեք տարիներու ընթացքին յաճախակի հանդիպումներ ունեցած է յիշեալ հարցին մասին միջազգային օրէնքի մասնագէտներուն հետ: Վեհափառ հայրապետը շեշտեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի նշման ծրագիրներու շարքին յիշեալ դատը եզակի տեղ պիտի գրաւէ: Դատին նպատակն է միջազգային կարծիքը հրաւիրել մեր կալուածներու վերադարձին ներկայացուցած յատուկ կարեւորութեան վրայ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հատուցման շրջագիծին մէջ: Արամ Ա. կաթողիկոս իր գնահատանքը յայտնեց այն ազգայիններուն, որոնք նիւթապէս զօրավիգ պիտի կանգնին այս յոյժ կարեւոր ծրագիրի իրագործման եւ ըսաւ, որ յառաջիկայ երկու շաբաթներուն դատը պիտի ներկայացուի Թուրքիոյ դատարանին:





 


comments

Advertisement