Աւստրալիացի Երեսփոխան Մը Կը Պաշտպանէ Արցախի Ինքնորոշման Իրաւունքը

By armenia.com.au | Monday, 04 October 2010

Սիտնի.- Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Նիւ Սաութ Ուէլզ նահանգի, Ռայտ շրջանի երեսփոխան Պրն. Վիքթոր Տոմինելլօ պաշտպանած է Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան, հայութեան ինքնորոշման իրաւունքը անցեալ շաբաթ նահանգի խորհրդարանին մէջ իր ելոյթի ընթացքին։

Պրն. Տոմինելլոն որ Աւստրալահայութեան բարեկամն է եւ կը ներկայացնէ հայութեամբ բնակեցուած ամէնախիտ շրջանի ժողովուրդը նահանգի խորհրդարանին մէջ, հանդիսացաւ երկրորդ երեսփոխանը որ անդրադարձաւ այս հարցին, Տէյվիտսըն շրջանի երեսփոխան Պրն. Ճոնաթան Օտէյէն ետք, որ նմանօրինակ ելոյթ մը ունեցած էր այս տարուան Մայիս ամսուան ընթացքին։

Ուրբաթ 24 Սեպտեմբերի կէսօրուան ժամը 1-ին Պրն. Տոմինելլոն կանգ առաւ Հայաստանի անկախութեան տօնին վրայ եւ իր ելոյթով իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուց Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան կացութեան վրայ։

Պրն. Տոմինելլոն ըսաւ.- հակառակ այն իրողութեան որ Արցախը միջազգային ճանաչումի արժանացած երկիր մը չէ, այդ չի նշանակեր թէ իրաւունք չունի ինքնորոշման, համաձայն Հելսինքիի համաձայնագիրի յոդուած 8-ին։

Ան շարունակեց իր խօսքը փոխանցելով ճշգրիտ պատմական տեղեկութիւններ շրջանի կացութեան ու հարցերուն մասին, անդրադառնալով հրադադարի խախտման Ազրպէյճանի կեցուածքին եւ անկէ յառաջացած երկուստէք զոհերուն։

Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Պրն. Վարանդ Մկրտիչեանը ըսաւ.- Մենք շնորհակալութիւն կը յայտնենք Պրն. Տոմինելլոյին, որ լոյս սփռեց Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշման իրաւունքի հարցին Աւստրալիական խորհրդարանէ մը ներս։ Մեր ակնկալութիւնն է որ Պրն. Օտէյի ելոյթէն ետք այս ելոյթը պիտի սատարէ ապահովելու Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը։

comments

Advertisement