By armenia.com.au | Wednesday, 24 November 2010
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 120-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւնը, Սիտնի եւ Մելպուրն, ժողովրդային հոծ մասնակցութեամբ, ձեռնարկներու զանազանութեամբ գտաւ մեծ յաջողութիւն եւ ստեղծեց ազգային խանդավառութիւն:
Հ.Յ.Դ. Դրօ Առանձնակի Կոմիտէի հրաւէրով ներկայ եղաւ ու իր մասնակցութիւնը բերաւ Լիբանանի Խորհրդարանի Անդամ, Հայկական Երեսփոխանական Պլոքի ներկայացուցիչ ընկեր Յակոբ Բագրատունի:
ՀԻՒՐԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ-ԽՐԱԽՃԱՆՔ
Հ.Յ.Դ. 120-ամեակի առաջին ձեռնարկը, ի պատիւ յարգելի հիւրին, հիւրասիրութիւնը եւ խրախճանքը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 29 Հոկտեմբեր 2010-ի երեկոյեան, Արմենիա Երկշաբաթաթերթի Վարչութեան կողմէ շքեղօրէն զարդարուած Հայ Մշակութային Կեդրոնի սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ Արմենիա Երկշաբաթաթերթի Վարչութեան: Աւելի քան 200 ներկաներու շարքին յատուկ հրաւէրով ներկայ էին Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Աղան Արքեպս. Պալիօզեան, Նիու Սաութ Ուէյլզ նահանգի խորհրդարանի անդամ Կլատիս Պէրէճիկլեան, Բազմամշակութային եւ Հակա-Խտրականութեան Գրասենեակի տնօրէն Պրն. Ստեփան Գրգեաշարեան եւ Տիկին Գրգեաշարեան, Ռայտ շրջանի Քաղաքապետարանի անդամ Սարգիս Ետելեան եւ Տիկին Ետելեան, Դրօ Առանձնակի Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Պերճ Մոմճեան, Հ.Օ.Մ.-ի, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի եւ Համազգայինի Շրջանային Վարչութեանց ներկայացուցիչներ եւ հիւրեր:
Օրուան հանդիսավար, Արմենիա Երկշաբաթաթերթի Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկ. Ռոստոմ Չեթըր բարի գալուստի ջերմ խօսքերուն ընդմէջէն լայն զեկուցում տուաւ Արմենիա Երկշաբաթաթերթի աշխատանքներուն կապակցութեամբ, շեշտը դնելով աշխատակազմի դիմագրաւած նիւթական դժուարութիւններուն եւ մարդուժի պակասին վրայ:
Խօսք տրուեցաւ ընկեր Յակոբ Բագրատունիին, որ մեծապէս գնահատեց թերթին հրապարակումը, յայտնեց նաեւ, թէ մամուլին դիմագրաւած այս դժուարութիւնները միայն Աւստրալիոյ յատուկ երեւոյթներ չեն, այլ բոլոր շրջանները նոյն կացութեան մէջ են, հետեւաբար առանց վհատելու պէտք է շարունակել այս խիստ կարեւոր եւ գաղութը իրար շաղկապող այս կենսական առաքելութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց:
Թեմիս Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր ելոյթի ընթացքին քաջալերական, յուսադրիչ ու յարատեւելու պատգամը ուղղեց թերթի աշխատակազմին վստահութիւն ներշնչելով, թէ իրենց հայանպաստ գործունէութիւնը ինչպէս անցնող տասնամեակներուն վայելած ժողովուրդին գուրգուրանքը նոյն թափով կը շարունակուի:
Երեկոն հայկական նուգարանի եղանակներով ու ազգային երգերով շարունակուեցաւ մինչեւ ուշ գիշեր եւ ներկաները բաժնուեցան Արմենիա Երկշաբաթաթերթին մաղթելով յաջողութիւն:
ՄԵԼՊՈՒՐՆԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ
ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ-ԽՐԱԽՃԱՆՔ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 120-ամեակի տօնը, կազմակերպութեամբ Հայ Կեդրոնի տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 30 Հոկտեմբեր 2010-ի երեկոյեան ժամը 7.30-ին, Հայ Կեդրոնին մէջ, օրուայ հիւր բանախօս ունենալով Լիբանանէն յատկապէս հրաւիրուած Լիբանանի Երեսփոխանական Պլոքի ներկայացուցիչ յարգելի ընկեր Յակոբ Բագրատունին:
Օրուայ տօնակատարութեան պաշտօնական բացումը սկսաւ Հայաստանի եւ Հ.Յ.Դ.-ի զոյգ քայլերգներով: Օրուայ բեմավար քոյր Զուարթ Վահրիճեան բացման խօսքը կատարելէ ետք, հրաւիրեց ընկ. Վարանդ Գարագաշեանը, զորս եղած էր Լիբանանի մէջ աշակերտը ընկեր Յակոբին, տալու մեր յարգելի բանախօսին կենսագրականը, իր խօսքի աւարտին ան հրաւիրեց օրուայ հիւրը յարգելի ընկեր Յակոբ Բագրատունին տալու օրուայ յատուկ իր պատգամը:
Ընկեր Յակոբը անդրադարձաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 120-ամեայ գործունէութեան մասին, ան նշեց, թէ Հ.Յ.Դ.-ն ծառայող տարրն է մեր ազգին, ունենալով ընդդիմացող շատ մը ուժեր, բայց միշտ նուաճած զանոնք, այսօր Սելճուքներ, Թաթարներ, Համայնավարութիւն գոյութիւն չունին, բայց Հայն ու Դաշնակցութիւնը կայ ու կը մնայ: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը պատրաստած է Մարտիկներ, ունեցած է Հերոսներ, կանգնած է նեցուկ մեր Լիբանանի Հայութեան ճգնաժամային oրերուն: Ընկեր Բագրատունի անդրադարձաւ նաեւ Ուիլիըմ Սարոյեանի խօսքին, զորս կըսէ. "Բուռն փափաքը ունիմ այս աշխարհի վրայ տեսնել որեւէ ուժ, որ կարենայ փճացնել այս ազգը, այս փոքրիկ ցեղախումբը, որ կոչուած է ըլլալ, իբր ապրող անշուք ժողովուրդ մը, անոնցմէ նոյնիսկ երկու հոգի, այս աշխարհի որեւէ մէկ խուլ անկիւնը եթէ իրար միացան, յանկարծ տեսաք որ ստեղծեցին նոր Հայաստան մը այդ խուլ անկիւնին մէջ իսկ": Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը պիտի մնայ ու պիտի շարունակէ իր ծառայութիւնը մեր ազգին եւ հայրենիքին:
Շարունակելով օրուայ յայտագիրը Տիկին Մարալ Ադամեան մեներգեց "Սարդարապատ"-ի երգը: Սպասարկուեցան համեղ եւ ախորժաբեր ուտելիքներ եւ ճաշեր՝ պատրաստուած անձնուէր հայ տիկիններու եւ ընկերներու ձեռամբ, իսկ խրախճանքի ընթացքին եղան շուրջպարեր եւ ազգային ու յեղափոխական երգեր: Ուրախ եւ հաճելի մթնոլորտի մէջ շարունակուեցաւ խրախճանքը մինչեւ ուշ գիշեր:
Հ. Յ. ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ 120-ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ
Կիրակի, 31 Հոկտեմբեր 2010-ի երեկոյեան ժամը 6.30-ին, Համազգայինի Գօլստըն Ճեմարանի "Նալպանտեան" շքեղ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դ.-ի հիմնադրութեան 120-ամեակին նուիրուած գեղարուեստական պատշաճ ճոխ յայտագրով փառահեղ տօնակատարութիւն, կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ. Դրօ Առանձնակի Կիմիտէին:
Յատուկ հրաւէրով ներկայ էին Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Աղան Արքեպս. Պալիօզեան, օրուայ հիւր բանախօս, Լիբանանի Խորհրդարանի Անդամ՝ ընկեր Յակոբ Բագրատունի, Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի խորհրդարանի անդամ Կլատիս Պէրէճիքլեան, Գերյարգելի Բարսեղ Սուսանեան, Վերապատուելի Գրիգոր Եումուշաքեան եւ Վերապատուելի Յակոբ Սարգիսեան, Ռայտ Քաղաքապետարանի անդամ Սարգիս Ետելեան, Հ.Յ.Դ. Դրօ Առանձնակի Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Պերճ Մոմճեան, Ռ.Ա.Կ.-ի ներկայացուցիչ ընկ. Հայկ Լէփէճեան, Ս.Դ.Հ.Կ.-ի ներկայացուցիչ ընկ. Վաչէ Թօփուզեան, Գօլստըն ճեմարանի տնօրէն Պրն. Քայլար Միքայէլեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի, Համազգայինի, Հ.Օ.Մ.-ի Շրջանային եւ Մասնաճիւղերու Վարչութիւններու ներկայացուցիչներ, "Արմենիա" Երկշաբաթաթերթի եւ Հայ Դատի Յանձնախումբի, Երիտասարդական ու Պատանեկան Միութիւններու ներկայացուցիչներ, Գօլստըն Ճեմարանի Խնամակալ Մարմինը, բազմաթիւ ընկերներ-ընկերուհիներ եւ Դաշնակցութեան հայակերտ սերնդապահ առաքելութեան հաւատացող բազմահարիւր ամէն տարիքի հայ հասարակութիւն, ակներեւ է երիտասարդութեան տիրական ներկայութիւնը:
Օրուան հանդիսավար Կարօ Քէշիշեան հրաւիրեց Հ.Յ.Դ. "Գալէ" Պատանեկան Միութիւնը խմբովին կատարելու Աւստրալիոյ եւ Հ.Յ.Դ.-ի քայլերգները, որմէ ետք ընկ. Քէշիշեան խնդրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգել ներկայ ու անցեալի բնական մահով կամ ազատագրութեան պայքարին նահատակուած ընկերներու անմոռաց յիշատակը: Ընկ. Քէշիշեան իր բացման խօսքին մէջ ջերմօրէն ողջունեց ներկաները այս պատմական տօնակատարութեան իրենց ներկայութեան համար, հակիրճ կերպով անդրադարձաւ Հ.Յ.Դ.-ի հիմնադրութեան, հայ ժողովուրդին ապրած դաժան տարիներուն, որոնք ստիպեցին, որ կուսակցութիւններ ծնունդ առնեն պաշտպանելու հայութեան մարդկային ու ազգային իրաւունքները Օսմանեան բռնակալ տիրապետութենէն, ու իր խօսքը շարունակեց. "Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը եղաւ ու մնաց Հայ ժողովուրդի ու Հայութեան իրաւունքներու պաշտպան Կուսակցութիւնը, մէկ խօսքով՝ Հայ ժողովուրդի իրաւունքներու ձեռքբերման համար սկսուած կռուի, յայտարարուած յարատեւ պայքարի մարմնացումն է Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը: 120 Տարի առաջ հայոց պատմութիւնը ուզեց, հայ ժողովուրդը կամացաւ եւ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը եղաւ: Եղաւ ըստ ազգային պատկերի եւ մարդկային տեսլականի, եղաւ այնպէս եւ այնքան, ինչպէս ու որքան որ հայութիւնը կամեցաւ ինք: Առ այդ, եզրափակելով, եկէք միասնաբար ողջունենք այս մեծ ու վսեմ կազմակերպութեան՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 120-ամեակը: Փա՛ռք ու պատի՛ւ անոր հիմնադիրներուն, բիւր յարգանք մեր բոլոր նահատակ հերոսներուն եւ ազատամարտիկներուն, եւ յաւերժ ապրի հայ ժողովուրդը իր Մայր Հայաստանով, եւ անբաժանելի ու անբեկանելի Լեռնային Ղարաբաղով":
Ընկ. Կարօ Քէշիշեան իր խօսքէն ետք կարդաց ընկ. Յակոբ Բագրատունիի կենսագրականը:
Արամ Խաչատուրեանի "Սուսերապար"-ը դաշնակի վրայ կատարեց ընկ. Ռուբէն Մինասեան, որմէ ետք Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Երիտասարդական Միութեան խօսքը փոխանցեց ընկ. Արամ Թիւֆէնքճեան: Երկխօսութիւն "Դաշնակցութեան Ոգին" համադրութեամբ Ազնիւ Ինկիլիզեանի, կատարողութեամբ Ազնիւ Ինկիլիզեանի եւ Կարօ Քէշիշեանի, ընկերակցութեամբ Սագօ Գաբրիէլեանի "Սերոբ Փաշայի" երգի կատարողութեամբ: Մեներգ "Անմար Մնայ" ընկ. Էտի Ճղըլեան, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Շուշան Սարեանի: Հայաստանէն իր ծնողքին հետ գաղութս ժամանած եօթը տարեկան Ֆելիքս Յայլոյեան ասմունքեց Միքայէլ Նալբանտեանի "Ազատութիւն" բանաստեղծութիւնը, անսխալ, համարձակ, մանաւանդ ֆիզիքական շարժումներով գրաւեց բոլոր ներկաներուն ուշադրութիւնը, որոնք երկարատեւ ծափահարութիւններով եւ դարձեալ արտասանելու բացագանչութիւնով, մեր հրաշք մանուկը ընդառաջեց, այս անգամ Յովհաննէս Շիրազի "Իմ Սուրբ Հայրենիք" բանաստեղծութիւնով, դարձեալ ծափահարութիւն, երկարատեւ հուրաներ, աներեւակայելի խանդավառ պահ մը վայելեցին ներկաները, իսկապէս հասուն, եօթնամեայ մանուկին ելոյթով: Համազգային Սիտնի Պարի Անսամպլի փոքրիկ աղջիկներու բաժինը, ղեկավարութեամբ պարուսոյց Սալվի Մարգարեանի, իրենց ճկուն ու նազանի շարժումներով հմայեցին ներկաները:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 120-ամեակի պատգամը փոխանցեց հիւր բանախօս, Լիբանանի Խորհրդարանի Անդամ, Հայկական Երեսփոխանական Պլոքի ներկայացուցիչ ընկ. Յակոբ Բագրատունի: Առաջին հերթին, ընկեր Բագրատունին Լիբանանահայութեան եւ զայն բաղկացնող Կազմակերպութիւններու Աւստրալահայ գաղութի ողջոյնները հաղորդեց, որոնք ընդառաջելով հայկական միասնականութեան կանչին Լիբանանահայութեան հետ կեցան կողք-կողքի քուէարկութեան ժամանակ:

Հ.Յ.Դ. Դրօ Առանձնակի Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Պերճ Մոմճեան կազմիս կողմէ յիշատակի նուէր "Պումերանկ" մը յանձնեց ընկեր Բագրատունիին, այն յոյսով, որ "պումերանկ"-ի պէս դարձեալ իր ներկայութեամբ պատուէ շրջանը:
Համազգային Նայիրի երգչախումբը ղեկավարութեամբ արուեստագիտուհի Այիդա Աւետիսեանի կատարեց "Սարերի Հովին Մեռնեմ" եւ "Անդրանիկ" երգերը դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Կուկույի:
Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Աղան Արքեպս. Պալիօզեան ողջունեց Հ. Յ. Դաշնակցութեան 120-ամեակը, շնորհաւորեց պատկան մարմինները, շարքայինները, Դաշնակցութեան ուղիին հաւատացող համակիր հսկայ զանգուածը այս ոգեշնչող հայու երակներուն նոր աւիշ ներարկող տարեդարձին առթիւ: Սրբազան Հայրը, բարի գալուստի ջերմագին մաղթանքները փոխանցեց այս առիթով հիւր բանախօս ընկեր Յակոբ Բագրատունիին, որ երկար ու յոգնեցուցիչ ճամբայ կտրելով Լիբանանէն ժամանած է իր ժողովուրդին ու ընկերներուն հետ միասին տօնախմբելու պանծալի այս թուականը: Սրբազան Հայրը հանգամանօրէն ընկեր Բագրատունիին միջոցաւ Աւստրալահայութեան ողջոյնները յղեց Լիբանանի հայ համայնքին մաղթելով միասնական ուժ ու անվհատ հաւատքով իրականացնել հայութեան ու հայրենիքի իղձերն ու ձգտումները: Անդրադառնալով Հ.Յ.Դ.-ի 120 տարիներու պատմութեան, ան արժեւորեց Կուսակցութեան անցեալ ու ներկայ ժամանակակից գործունէութիւնը, նպատակասլաց սխրանքները, եւ որպէս հայ իրականութեան մէջ գործօն եւ արի Կուսակցութիւն, քաղաքական, ազգային ու միջազգային հարցերու կողքին կլանուած է նաեւ եւ առաւելագոյն չափով, հայապահպանումի ու հայակերտումի դժուարին, միշտ անյետաձգելի աշխատանքին, պատրաստելով կենսունակ ազգին ու հայրենիքին ծառայելու մարտունակ ոգիով երիտասարդութիւն: Տարեդարձդ բարի, մեր հայրական սրտագին մաղթանքն է նորանոր ազգանպաստ ու հայրենաշէն ծրագրումներով շարունակուի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան երթը յաջորդ տարիներուն: Սրբազան Հայրը Պահպանիչով ու Տէրունական աղօթքով վերջացուց իր խօսքը:
Համազգային Նայիրի երգչախումբին կողմէ "Մեր Հայրենիք" քայլերգի երգեցողութեամբ վերջ գտաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 120-ամեակի տօնակատարութիւնը:
ՅՈԲԵԼԻՆԱԿԱՆ ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ-ԽՐԱԽՃԱՆՔ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 120-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շղթային եզրափակիչը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 6 Նոյեմբեր 2010-ի երեկոյեան ժամը 7.30-ին, New Westella-ի շքեղ պարասրահին մէջ, կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ. Դրօ Առանձնակի Կոմիտէի Ձեռնարկներու Յատուկ Յանձնախումբին, շուրջ 200 հայորդիներ մասնակից եղան հայաշունչ այս մթնոլորտին: Երեկոն խանդավառեցին Black Bird հայկական նուագախումբը երգչուհի Լիլիանի անոյշ ձայնի ելեւէջներով: Առաջին նուագէն սկսեալ մթնոլորտը շիկացաւ, պարահարթակը լեցուն էր:
Փոքր դադարէն վերջ օրուան բեմավար ընկ. Տիրան Վահրատեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք ան ըսաւ, թէ 120 տարուան կեանքն ու գոյերթը արդէն շատ բան կ՛ըսեն ու մեծ պատգամներ կը փոխանցեն: Փոխուած են ժամանակները, պայմանները, անձնաւորութիւնները, իշխանութիւնները, ընկերութիւններն ու միջավայրը, սակայն միշտ կանգուն մնացած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը: Ան մնացած է իր ժողովուրդին հետ եւ Հայութեան գերագոյն նպատակներու ծառայութեան համար: Այսօր փոխուած են մարտահրաւէրները, սակայն պատնէշի վրայ է Դաշնակցութիւնը։ Միեւնոյն այս մեկնակէտով, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը մղիչ գլխաւոր ոյժը եղաւ, միշտ ազգային անկախ եւ ինքնուրոյն դիմագծի զարգացման։ Եւ այս դիտանկիւնէն մեկնած ան մնաց ջահակիրը՝ ոչ միայն անկախութեան գաղափարին, այլեւ մտադրումի անկախութեան ու ազատութեան սկզբունքին։ Առ այդ եզրափակելով խօսքս, կ՛ուզեմ սրտագին շնորհաւորել Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 120-ամեակը, որ կը շարունակէ իր երթը աննահանջ ոգիով, եւ նորանոր հորիզոններու նուաճման անսասան կամքով։ Բարի զուարճութիւն եւ բարի վայելում ձեր բալորին։
Այնուհետեւ ընկեր Տիրան հրաւիրեց արդէն գաղութս հարազատ ծանօթ Լիբանանի Խորհրդարանի Անդամ, 120-ամեակի հիւր բանախօս ընկ. Յակոբ Բագրատունին, այս մթնոլորտին մէջ իր խօսքը ըսելու: Ընկեր Յակոբ Բագրատունին առաջին հերթին յիշեցուց, թէ այս գիշեր ուրախութեան պահ է, խօսքս պիտի ըլլայ միայն, որ բոլորդ լաւ իմանաք, թէ ինչո՞ւ կը տօնենք Դաշնակցութեան տարեդարձը: Ամէն տարի այս ամիսներուն կը յիշենք բոլոր անոնց, որոնք Դաշնակցութեան ուղիով, հայութեան ու հայրենիքի ազատագրութեան համար ամենաթանկագինը՝ իրենց կեանքը զոհեցին, կը յիշենք, որովհետեւ այդ հերոսները, ֆետայիները, կամաւորական գունդերը, ազատամարտիկները կապրին մեր մէջ, կապրին մեր ազգային ու գաղափարական ըմբռնումներուն ու համոզումներուն մէջ, եւ պիտի շարունակեն անոնք ապրիլ, եւ մենք պիտի շարունակենք տօնել, յիշել մինչեւ մեր նպատակներուն ամբողջական իրականացումը: Սիրելիներ, պէտք է լաւ ճանչնալ մեր պատմութիւնը, պէտք է լաւ հասկնալ ու ըմբռնել Դաշնակցութիւնը, Դաշնակցութեան հետապնդած նպատակները, որոնք կը բխին հայ ժողովուրդի շահերէն, պատիւ ձեզի, որ այս քանի մը օրերու ընթացքին, իմ այցելութեան ժամանակ տեսայ ձեր հայավայել կեցուածքը, շարունակեցէք այսպէս, միացած, միահամուռ, հայկական ազգային հասկացողութեամբ: Կը շնորհաւորեմ բոլորդ, կը շնորհաւորեմ բացակաները այս արժանապատիւ 120-ամեակին առիթով:
120-ամեակի կարկանդակը հատեցին ընկեր Յակոբ Բագրատունին, Առանձնակի Կոմիտէն եւ Կազմակերպիչ Յանձնախումբի կազմը եւ բոլոր ներկաներու հետ մաղթելով Դաշնակցութեան յարաճուն վերելք:
Պարահանդէսի երկրորդ բաժինը խրախճանքի վերածուեցաւ: Կարծես օտար անունով նուագախումբն ալ, սակայն հայկական ազգային եղանակներ սերմանեց եւ մթնոլորտը աւելի տաքցաւ երբ յաջորդաբար մեր սիրելի տղաքը՝ Յակոբ Կիւլիւմեան, Սագօ Գաբրիէլեան, Էտի Ճղըլեան, Սեւակ Վարժապետեան Յեղափոխական երգերու շարան մը ներկայացուցին, մէկը միւսին կը յաջորդէր, երբեմն միասին ժողովուրդը կը ձայնակցէր, ժողովուրդը գիտէ այդ երգերը, հարիւր քսան տարի շարունակ երգած է, իր արցունքը խառնած է այդ երգերու տողերուն մէջ եւ ահա կը հնչէ "Արիւնոտ Դրօշ"-ը Եռագոյն դրօշակներ, Հ.Յ.Դ.-ի զինանշանով դրօշակներ, իրապէ՛ս, իրապէս ոգեշնչող, հմայիչ տեսարան մեծով ու փոքրով, բոլորը ոտքի, կարծես պատերազմի, կռուի, հայրենիք ազատագրելու պատրաստութեան մէջ կը գտնուին, վերակենդանացաւ Մայիս 28-ի ոգին, ոտքի կանգնեցան Արցախի մէջ զոհուած ազատամարտիկներուն վրէժը լուծելու ուխտը, եւ ահա Հ.Յ.Դ.-ի քայլերգը "Մշակ Բանուոր", այս անգամ պատրաստ վիճակի մէջ ճակատները բարձր ներկաները երգեցին միասին: Այս 120-ամեայ յոբելինական պարահանդէս-խրախճանքը ուրախ մթնոլորտի մէջ վերջ գտաւ առաւօտեան ժամը 1.30-ին:
comments