Տնօրէն Կուզուի
Կրթական կարեւոր հաստատութեան մը համար
• Արագ պաշտօնի ստանձնում
• Մնայուն պաշտօն
• Ուշագրաւ նիւթական վարձատրութիւն
Համազգային Արշակ եւ Սօֆի Գօլստըն ճեմարանը, հաստատուած հիւսիւսային Սիտնիի մէջ, կարիքը ունի բարձրագոյն մասնագիտութեան վկայականի տիրացած եւ աշխոյժ անձնաւորութեան մը, որ ի վիճակի ըլլայ շատ մը պատասխանատուութիւններ կատարելու, ինչպէս,
• Կառավարել ու առաջնորդել ճեմարանը համաձայն անոր առաքելութեան
• Բարելաւել ու շարունակել հայկական ազգային սովորութիւններու պահպանումը, ինչպէս նաեւ հսկել հայերէնի դասաւանդման ծրագիրներուն ու այդ գծով տալ ուղղութիւններ:
• Բազմացնել ճեմարանի աշակերտական թիւերը աշխատանք տանելով համայնքէն ներս:
• Համագործակցելով կրթական բաժնի պատասխանատուհիին հետ, ի գործ դնել ուսուցման բարձր մակարդակի ծրա•իր:
Թեկնածուն պէտք է կարենայ.-
- Ցուցաբերել առաջնորդի զօրաւոր կարողութիւն:
- Հայերէն լեզուի, պատմութեան ու մշակոյթին լայն ծանօթութիւնն ու դասաւանդման փորձառութիւնը նախընտրելի կրնայ ըլլալ:
- Ունենայ զօրաւոր կազմակերպական ու յարաբերական կարողութիւն:
- Ունենայ համապատասխան կրթական վկայագիրներ, ինչպէս նաեւ գործի կազմակերպական կարողութիւն:
- Նահանգի կրթական ծրագիրներուն հասկացողութիւն ունենալը նախընտրելի կրնայ ըլլալ:
- Նախապէս վարժարան կամ կրթական հաստատութիւն կառավարելու փորձառութիւնը կրնայ նախընտրելի ըլլալ:
- Ուսումնական ծրագիրներու բարելաւման մէջ ունեցած փորձառութիւնը կրնայ նախընտրելի ըլլալ:
- Ունենայ տնտեսական ու հաշուական հարցերու կառավարման փորձառութիւն:
Եթէ հետաքրքրուած ես նման պաշտօնի ստանձնումով, կրնաս կապ հաստատել ճեմարանի խնամակալութեան հետ email-ի հետեւեալ հասցէով board@galstaun.nsw.edu.au ստանալու համար յաւելեալ մանրամասնութիւններ պահանջուած աշխատանքներու գծով:
Դիմումնագրերու ներկայացման ժամկէտն է 31 Մարտ, 2011-ը: