Սիտնիի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի Տարեկան Ճաշկերոյթը

By armenia.com.au | Friday, 17 November 2017

Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի (ՀՀՀ) Աւստրալիոյ Մասնաճիւղի Վարչութիւնը 25 տարիներէ ի վեր կը գործէ Աւստրալիոյ տարածքին նախագահութեամբ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի Հայոց Թեմին Առաջնորդ Սրբազան Հօր: Հիմնադրամի Աւստրալիոյ Յանձնախումբը յաջողցուցած է բազում ծրագիրներ, որոնցմէ կարելի է յիշատակել Տաւուշի շրջանի Խաչարձան գիւղի ջերմոցները, Չայքովսքի Երաժշտական Դպրոցի կահ կարասիի ապահովումը, նորոգութիւնը Նորքի Մանկատան եւ Քանաքեռի Տէր Ղուկասեան անուան երաժշտական դպրոցին, մասնակցութիւն Նոյեմբերեանի Հիւանդանոցի վերանորոգման եւԳորիս- Ստեփանակերտ Ճանապարհի շինութեան եւայլն:

Մասնաճիւղի Վարչութիւնը կը կազմակերպէ հանգանակութեան հաւաքներ գեղարուեստական միջոցառումներու ընթացքին:

Շաբաթ 11 Նոեմբերի երեկոյեան, Հայկական հոգեւոր, քաղաքական, մշակութային, բարեսիրական, մարզական եւ կրթական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներէն եւ 260 է աւելի հայրենակիցներու մասնակցութեամբ Րայտ Իսթուուտ Լիկս Քլապի հանդիսասրահին մէջ  տեղի ունեցաւ համերգ կատարողութեամբ հայրենի երգչուհի Արփի Շահնուպարեանի:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Օրիորդ Մարալ Պօյաճեան: Ան անդրադարձաւ Թեմիս Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Հայկազուն Եպիսկոպոս Նաճարեան Սրբազան Հօր 25 ամեակի մետալով պարգեւատրման ՀՀՀի նախագահին կողմէ ինչպէս նաեւ Պարոն Հայկ Լէփէճեանի Երախտագիտութեան մետալով պարգեւատրման Նախագահ Սերժ Սարգիսեանի կողմէ:

Երիտասարդ երգչուհին հայկական ազգագրական, էսթրատային 40ի հասնող ճոխ երգացանկով ներկայացաւ ժողովուրդին եւ արժանացաւ բարձր գնահատանքի: Ի միջի այլ երգերու Շահմուրատեան արդիական ոճով մեկնաբանեց << Մախմուր Աղջիկ>>ը, <<Ղափամա>>ն, <<Գետաշէն>>ը, <<Հայ Քաջեր>>ը , <<Մշոյ Աղջիկ>>ը, <<Եասամանի Ծառի Տակ>>ը եւ այլք: Ան ըրաւ գեղեցիկ ճազային կատարումներ անգլերէն եւ ռուսերէն լեզուներով եւ արժանացաւ բուռն ծափողջոյնի:

Մարալ Պօյաճեան եւ Հայկ Լէփէճեան հակիրճ տեղեկութիւն տուին Հիմնադրամի մէկ տարուան գործունէութեան մասին ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Սրբազան Հայրը տալու իր սրտի խօսքն ու պատգամը: Սրբազան Հայրը ըսաւ. <<ՀՀՀը մեր գաղութի ամբողջական կազմը կը ներկայացնէ: Ուրախ ենք որ  25 տարիներ շարունակ մեր ժողովուրդը կարողացած է սերտ  պահել իր յարաբերութիւնը ՀՀՀին հետ, որովհետեւ ժողովուրդին սիրտը իր հայրենիքին համար տրոփած է միշտ: Տարին մէկ անգամ կը հաւաքուինք եւ հաշուետուութիւն կ'ընենք ու նոր լիցքաւորումով կը վերադառնանք մեր տուները: Գնահատելի է Յանձնախումբին այսորակ արուեստագիտուհի մը հրաւիրելը որ իր անզուգական ձայնով նոր մշակումով կը ներկայացնէ դասականը>>: Անդրադառնալով դրամահաւաքի գործընթացին, Սրբազան Հայրը նշեց մարտահրաւէրը, որուն առաջ կանգնած է մեր Հայրենիքն ու Արցախը յայտարարելով <<մեր գոյութեան միակ պատճառն է Հայրենիքը, յաւիտենական Հայաստանը, որուն համար պիտի կատարենք մեր սրտաբուխ նուէրները>>:

Հանգանակութենէն գոյացած գումարը պիտի յատկացուի Արցախի մէջ իրագործելի նոր ծրագրին:

Հիմնադրամի Յանձնախումբը իր խորին նշնորհակալութիւնը կը յայտնէ Սփիւռքի Նախարար Տիկին Հրանուշ Յակոբեանին եւ նախարարութեան անոնց ցուցաբերած աջակցութեան համար ինչպէս նաեւ բոլոր նուիրատուներուն, որոնք անցեալին եւ ներկայիս իրենց նուիրատուութեամբ մասնակից դարձան եւ կը դառնան Հիմնադրամի ծրագիրներուն իրագործմանը:

 

 

ՀՀՀ Աւստրալիոյ Մասնաճիւղի Վարչութիւն



comments

Advertisement