ԿՈՉ ԱՒՍՏՐԱԼԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ. Օգնենք Այսօր Վաղը Կրնայ Ուշ Ըլլալ

By ARS Australia Regional Committee | Sunday, 09 September 2018



ԿՈՉ ԱՒՍՏՐԱԼԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ` Օգնենք Այսօր՝ Վաղը Կրնայ Ուշ Ըլլալ



Սիրելի հայրենակիցներ,


Աւստրալիոյ Հայ Օգնութեան Միութեան Շրջանային Վարչութիւնը կոչ կուղղէ Աւստրալահայ գաղութին,  միանալու իրեն եւ իր օգնութեան ձեռքը երկարելու Աւստրալիոյ երկրագործներուն եւ իրենց ընտանիքներուն, որոնք այս օրերուն կ'ապրին ահաւոր թշուառ պայմաններու մէջ երաշտի եւ սակաւաջրութեան պատճառներով:

1980 -ական թուականներէն ի վեր , այս տարի ամենավատ երաշտի պայմանները կը դիմագրաւեն Աւստրալիացի հողագործները , որոնց հիմնական եկամուտի աղբիւրը կը հանդիսանայ իրենց ցանքի հունձքն ու բերքը : Անձրեւներու չգոյութեան եւ սակաւաջրութեան պատճառներով գոյացած երաշտը Աւստրալիոյ գիւղատնտեսութեան  եւ հողագործին նկատմամբ այս տարի եղաւ անողոք եւ անխիղճ:

Ճակատագրական այս հանգրուանին, որպէս օրինակելի եւ հաւատարիմ քաղաքացիները այս հիւրընկալ երկրին , մեր քաղաքացիական պարտականութիւնն ու պարտաւորութիւնն է նիւթական եւ բարոյական  անաչար զօրակցութիւն ցուցաբերել մեր սիրելի երկրագործ քոյրերուն եւ եղբայրներուն:

Յառաջիկայ օրերու ընթացքին Աւստրալիոյ ՀՕՄի Շրջանային վարչութիւնը պիտի մօտենայ գաղութի քոյր կազմակերպութիւններուն եւ յարանւանութիւններուն եւ պիտի փոխանցէ դրամահաւաքի մանրամասնութիւնները:

Լիայոյս ենք սիրելի հայրենակիցներ, որ ինչպէս միշտ այս անգամ եւս կը միանաք Հայ Օգնութեան Միութեան եւ ձեր գնահատելի մասնակցութիւնը կը բերէք մարդասիրական սոյն ծրագրին:


Աւստրալիոյ Հայ Օգնութեան Միութեան Շրջանային Վարչութիւն

comments

Advertisement