Թող խաղաղ ննջեն ՀՕՄ-ի ննջեցեալները

By Armenian Relief Society | Friday, 06 March 2020



Կիրակի 16 Փետրուար 2020-ին Աւստրալիոյ ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութիւնը եւ իր մասնաճիւղերը պատշաճօրէն յիշեցին ՀՕՄ-ի արժանաւոր մայր եւ ազգային բարերար՝ Մայր Սոֆիա Յակոբեանի եւ մեզմէ առյաւէտ բաժնուած ննջեցեալ ընկերուհիներու եւ բարերարներու ինչպէս նաեւ Մելպորնաբնակ ննջեցեալ բարերարներու Տէր եւ Տիկին Յարութիւն եւ Ծովիկ Մաթէոսեաններուն, նախ հոգեհանգստեան արարողութեամբ ապա հոգեսուրճի հիւրասիրութեամբ ։

Հոգեհանգստեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Հայ Առաքելական ՍՅարութիւն եկեղեցւոյ մէջ, ներկայութեամբ մեծ թիւով ՀՕՄուհիներու եւ հաւատացեալներուն:

Հոգեսուրճի հիւրասիրութիւնը եւ պաշտօնական յայտագիրը տեղի ունեցաւ Եկեղեցւոյ «էտկարեան» սրահէն ներս, ներկայութեամբ Առաջնորդ Սրբազան հօր, քահանայ հայրերու, Աւստրալիոյ ՀՅԴ Դրօ կոմիտէութեան ներկայացուցիչիներու, ՀՄԸՄ ԿՎարչութեան անդամ՝ եղբՏիրան Վահրատեանի եւ ՀՕՄ-ի ԿՎարչութեան անդամ՝ ընկհՆորա Սեւակեանի, ՀՄԸՄ-ի եւ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչներու, Աւստրալիոյ մէջ լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան Մշտական ներակայցուցիչ՝ ՊրՔայլար Միքայէլեանի եւ Հայ Առաքելական ՍՅարութիւն եկեղեցւոյ թեմական եւ Ծխական խորհուրդներու վարչութեան ներկայացուցիչներու։ Հաւաքի ընթացքին յաջորդաբար խօսքեր առին ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ ընկհ Նինա Գաբրիէլեան, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ ընկհՆորա Սեւակեան եւ ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէ ի ներկայացուցիչ՝ ընկՄոսիկ Ինճէճիկեան եւ գաղութիս Բարեջան Առաջնորդ՝Բարձրաշնորհ Տէր Հայկազուն Արք Նաճարեան։

Խօսնակները յաջորդաբար իրենց խօսքերուն մէջ շեշետցին, թէ Հարիւր Տասերորդ ամեակը թեւակոխող Հայ Օգնութեան Միութիւնը՝ իր արձանագրած յաջողութիւնները կը պարտի իր անդամուհիներու եւ բարերաներու անսակարկ նուիրումներուն, որոնք դարձան օրհնաբեր ձեռքը, որ ցօղեց որպէս բալասան ու սպեղանի տարասփիւռ հայութեան, տառապահոծ հոգիներու եւ եղաւ հայութեան հպարտանքի աղբիւր հանդիսացող մեծ կազմակերութիւն։

Խունկ եւ Աղօթք իրենց անթառամ յիշատակին։


 


comments

Advertisement