Պատմէք ինձ կրկին սիրոյ մասին. Համազգայինի Աւստրալիոյ գրական երեկոյ

By armenia.com.au | Saturday, 07 March 2020



Սիտնի.
Համազգայինի Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութեան հովանաւորութիւնը վայելող Գրական-գեղարուեստական յանձնախումբը Ուրբաթ, 14 Փետրուար 2020-ին, կազմակերպած էր գրական գողտրիկ երեկոյ մը` «Պատմէք ինձ կրկին սիրոյ մասին» խորագրով, Սիտնիի Հայ Մշակութային Կեդրոնէն ներս։

Ձեռնարկին ներկայ էին յիսունէ աւելէ գրասէր հայրենակիցներ, որոնք եկած էին լսելու եւ արտասանելու «Սէր»-ը խորհրդանշող բանաստեղծութիւններ։ Բացման խօսքը կատարեց գրական յանձնախումբի ատենապետուհի Լիլիկ Կոտոյեան։ Ան անդրադարձաւ հայ մեծանուն բանաստեղծներուն, որոնք իրենց քերթուածներով մշտապէս յոյս եւ հաւատք ներշնչած են սիրահարուածներու կեանքին մէջ։

Օրուան յայտագիրը ճոխացուցին քսանէ աւելի մասնակիցներ, որոնցմէ ամէն մէկ անձ ընտրած էր իր նախասիրած սիրոյ բանաստեղծութիւնը նուիրելով սիրելի զայն կողակիցին, ծնողքին, եւ հայրենիքին։ Շատ հաճելի էին կատարումներուն միջեւ Տիկին Աղունիկ Մարգարեանի մեներգները, որոնք հայկական գինի կոնծելով ինքնաբերաբար վերածուեցան խմբային երգեցողութեան։ Հետաքրքրական էր նաեւ երեք մասնակիցներու անձնական բանաստեղծութիւններու ընթերցումը, մէկը՝ արեւելահայերէն, իսկ երկուքը՝ արեւմտահայերէն։

Փակման խօսքը կատարեց Թեմիս բարեխնամ առաջնորդ Տէր Հայկազուն Արք Նաճարեանը, որ գնահատելէ ետք Համազգայինի այս ձեռնարկը, հաստատեց հայերէն լեզուի պահպանութեան կարեւորութիւնը ու յորդորեց յանձնախումբին շարունակել նոյնանման ձեռնարկներու հերթականութիւնը։

comments

Advertisement