Տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան միջ-մասնաճիւղային սեմինարը

By armenia.com.au | Saturday, 07 March 2020



Սիտնի.
Կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան կեդրոնական վարչութեան, 21-23 Փետրուար, 2020-ին տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան միջ-մասնաճիւղային սեմինարը, «Վերադարձ Դէպի Արմատներ» թեմայով:

Վերոյիշեալ բանակումին իրենց մասնակցութիւնը բերին, Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ Երիտասարդական միութեան Հիւսիսային Սիտնիի «Նիկոլ Դուման», Արեւմտեան Սիտնիի «Բեկոր» եւ Մելպուրնի «Արաբօ» մասնաճիւղերէն աւելի քան 45 անդամներ:

Բանակումի դաստիարակչական ծրագրի նպատակն էր՝ թարմացնել մասնակցող երիտասարդներուն գիտելիքները եւ զարգացնել անոնց մտքերը  զանազան նիւթերով:

Այս նպատակով, Կեդրոնական Վարչութիւնը հրաւիրած էր Սիտնիի Հայ գաղութի յայտնի անձնաւորութիւններէն կարգ մը հիւր դասախօսներ, որոնց շարքին էին, Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն՝ Հայկ Գայսէրեան, Աւստրալիոյ մէջ Արցախի հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ՝ Քայլար Միքայէլեան, Աւստրալիոյ Հայ մանուկներու հիմնադրամի գործադիր տնօրէն՝ Մարի Սողոմոնեան եւ եղբ. Յակոբ Պօղոսեան:

Դասախօսութիւններու կողքին տեղի ունեցան զանազան զրոյցներ եւ քննարկումներ յառաջիկայի ծրագիրներու եւ աշխատանքներու առնչութեամբ:

Երիտասարդները իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ զանազան խաղերու  եւ մրցումներու, որոնք ընկերային լաւ մթնոլորտ ստեղծելու կողքին յառաջացուցին մտերմութիւն եւ խմբային արդիւնաւէտ աշխատանք:

Միջ-մասնաճիւղային այս բանակումը իսկապէս անմոռանալի եւ օգտաշատ բանակում մըն էր եւ լաւագոյն միջոցը՝ երեք մասնաճիւղերու միջեւ ընկերային  յարաբերութիւններու ամրապնդման:

comments

Advertisement