[ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ] Քորոնա ժահրի Յայտարարութիւն Աւստրալահայերու Ուշադրութեան

By ANC-AU | Friday, 20 March 2020



Սիրելի՛ Աւստրալահայ Համայնքի Անդամներ,

Այս երկրորդ հաղորդագրութիւնն է որ կը յղենք մեր համայնքի զաւակներուն «Քորոնա» ժահրի (COVID-19) Աւստրալիոյ մէջ տարածման մասին, առաջինը՝ 14 Մարտին: Ստորեւ նշուած տեղեկութենէն մաս մը կրնայ կրկնութիւն ըլլալ սակայն նկատի ունենալով այդ տեղեկութեանց  կարեւորութիւնը, զանոնք անգամ մը եւս կը յանձնենք ձեր ուշադրութեան:

Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը կապի մէջ է Աւստրալահայ համայնքի բոլոր կազմակերպութիւններուն, դպրոցներուն եւ ակումբներուն հետ (մարզական, մշակութային եւ այլ), վստահ ըլլալու համար, թէ բոլորը լաւապէս տեղեակ են Աւստրալիոյ դաշնակցային եւ նահանգային կառավարութեանց թելադրանքներուն մասին, լաւագոյն ձեւով պայքարելու համար «Քորոնա» ժահր (COVID-19) համաճարակի տարածման դէմ:

Հիմնուելով Աւստրալիոյ Առողջապահութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարին եւ Ազգային Խորհուրդին տուած ցուցմունքներուն վրայ, Աւստրալիոյ կառավարութիւնը կը յայտարարէ.-

  • Բոլոր ոչ քաղաքացի եւ ոչ մշտական բնակիչներուն կ'արգիլուի Աւստրալիա այցելել Ուրբաթ 20 Մարտ 2020-ի երեկոյեան ժամը 9էն սկսեալ:

  • Աւստրալացիք, որոնք արտասահմանէն կը վերադառնան պէտք է երկու շաբաթ ինքնամեկուսանան:

  • 100 անձէ աւելի թիւով առտնին հաւաքները արգիլուած են.

  • Կրօնական համախմբումները կը հետեւին այս սկզբունքին

  • Դպրոցներ, համալսարաններ, օդակայաններ, հանրային երթեւեկ, առողջապահութեան եւ շտապօգնութեան հաստատութիւններ, հանգստեան տուներ, բանտեր, դատարաններ, խորհրդարաններ, հանրախանութներ եւ շատ մը գործատեղիներ զերծ կը մնան այս արգելքէն:

  • Հանգստեան տուներու բնակիչներ կրնան օրական մէկ անգամ եւ առաւելագոյնը երկու այցելու ընդունիլ:

  • Կը յանձնարարուի որ Աւստրալացիք 1.5 մեթր հեռաւորութիւն պահեն իրարմէ – “social distancing”:

  • Կոչ կ'ուղղուի խուճապի չմատնուելու եւ հանրախանութներէ ապրանք գնելու ատեն խուճապահար չըլլալու:

Ստորեւ ամփոփ ձեւով կը ներկայացնենք նախորդ հաղորդագրութեան մէջ կարգ մը իրականութիւններ եւ ցուցմունքներ, որոնք ի զօրու կը մնան.-

  • Ովքե՞ր հակամետ են ժահրով վարակուելու.

    --- Անխոցելիութիւնը արգելակող հիւանդութիւններէ վարակուած անհատներ (օրինակ՝ քաղցկեղ)

    --- Տարեցներ

    --- «Ապօրիճինիներ» եւ «Թորէս Նեղուցի» կղզիներու բնակիչներ, որովհետեւ անոնք հակամետ են երկարատեւ հիւանդութիւններով վարակուելու եւ այդ բնագաւառին մէջ ունին բարձր ցուցանիշեր

    --- Երկարատեւ առողջական վատթար պայմաններու մէջ գտնուող անձեր

    --- Շատ փոքր երեխաներ եւ նորածիներ

    --- Խմբային բնակավայրերու մէջ ապրող անձեր

    --- Կալանավայրերու մէջ գտնուող անձիք

    --- Տակաւին պարզուած չէ շատ փոքր երեխաներու եւ նորածիներու վարակման վտանգի աստիճանը, ինչպէս նաեւ երեխաներու հիւանդութեան փոխանցման հաւանականութիւնները: Մինչ օրս, «Քորոնա» ժահրով վարակուած երեխաներու թիւը քիչ է, համեմատած վարակուողներու ընդհանուր թիւին

  • Մինչեւ 19 Մարտի առաւօտեան ժամը 6.30, Աւստրալիոյ մէջ արձանագրուած են 565 հաստատուած պարագաներ, 111 պարագայ աւելցած են 24 ժամուան ընթացքին: Հայաբնակ նահանգներէն Նիւ Սաութ Ուէյլզի մէջ արձանագրուած են 265 պարագաներ իսկ Վիքթորիայի մէջ՝ 121: 565 վարակուածներէն 46-ը բուժուած են եւ 6-ը՝ մահացած:

  • Աշխարհի տարածքին ցարդ արձանագրուած են 204700 հաստատուած պարագայ եւ ժահրի պատճառով մահացած են 8400 անձեր: Բուժուած են 85692 անձ:

Աւստրալահայ համայնքի զաւակներուն կը փոխանցենք հետեւեալը ինչպէս նաեւ կը թելադրենք.-

ա- Ցարդ անտեղեակ ենք թէ ոեւէ Աւստրալահայ վարակուած է ժահրով կամ ոչ:

բ- Եթէ նոր վերադարձած էք արտասահմանէն, կը խնդրենք հետեւիլ Դաշնակցային կառավարութեան ցուցմունքներուն՝ 14 օրեր ինքնամեկուսացման ենթարկուիլ եւ չմասնակցիլ որեւէ ձեռնարկի, չներկայանալ դպրոց կամ աշխատավայր:

գ- Եթէ աւստրալական հպատակութիւն ունիք եւ արտասահման կը գտնուիք, փորձեցէք հնարաւորինս արագ վերադառնալ Աւստրալիա:

դ- Եթէ որեւէ հիւանդութեան ախտանշաններ ունիք, տուն մնացէ՛ք եւ դիմեցէ՛ք բժշկական խորհրդատուութեան: Խուսափեցէ՛ք ներկայ ըլլալու որեւէ հանրային ձեռնարկի, մի յաճախէք  դպրոց կամ աշխատավայր:

ե- Հետեւեցէ՛ք կառավարութեան ցուցմունքներուն, ուր կը խնդրուի անհատներու եւ հաստատութիւններու օգնութիւնը, կանխելու համար «Քորոնա» ժահրի հաւանական տարածումը կրիփի եղանակը չսկսած, հետեւելով հետեւեալ պարզ միջոցներուն՝

- 1.5 մեթրի միջոց պահել իրարու միջեւ

- Ձեռքերը լուալ յաճախակի կերպով:

- Հազալու եւ փռնգտալու ժամանակ քիթն ու բերանը ծածկել արմուկով:

- Տուն մնալ անհանգիստ զգալու պարագային:

- Այցելել բժիշկին պարզ հիւանդութիւններու եւ վիրաւորուելու պարագային:

զ- Հետեւեցէ՛ք Արմենիա Մետիա ընկերակցութեան դիմատետրի էջին (www.facebook.com/ArmeniaOnline), ուր կը տեղադրուին տեղեկութիւններ Աւստրալահայ իրադարձութիւններու մասին, ինչպէս ձեռնարկներու փոփոխութիւններ, դպրոցներու փակում, մարզական ակումբներու ծանուցումներ, եւայլն:

է- Եթէ Աւստրալահայ համայնքի որեւէ կազմակերպութեան կամ հիմնարկի պաշտօնատար անձ էք, կը խնդրենք տեղեկացնել մեզ այն բոլոր ձեռնարկներուն եւ գործունէութիւններուն մասին, որոնք ժահրի պատճառով տեղի պիտի չունենան, դիմելով admin@anc.org.au հասցէին, որպէսզի Արմենիա Մետիայի միջոցաւ զանոնք յայտարարենք:

ը- ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութիւնն ու Աւստրալիոյ Հայ Օգնութեան Միութիւնը, համագործակցութեամբ Աւստրալահայութեան Օժանդակութեան Աղբիւրներու Կեդրոնին, երկարած են իրենց ձեռքերը բոլոր տարեցներուն եւ այն ընտանիքներուն, որոնք չեն կրնար իրենց տուներէն դուրս գալ եւ/կամ դժուարութիւն ունին ապահովելու իրենց առօրեայ պէտքերը: Բոլոր անոնք որոնք պէտք ունին նման օժանդակութեան կը քաջալերենք որ հեռաձայնով կապ հաստատեն ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան ներկայացուցիչին օգտագործելով հետեւեալ թիւը.- 0420 541 843:

Կը խնդրենք մեր համայնքի անդամներէն լրջօրէն մօտենալ «Քորոնա» ժահրի սպառնալիքին, առանց խուճապի մատնուելու: Կ’աղօթենք բոլոր անոնց համար, որոնք ազդուած են այս ժահրէն եւ պիտի շարունակենք աշխատիլ իշխանութիւններուն հետ յաղթահարելու համար անոր սպառնալիքը:

Յաւելեալ տեղեկութեանց եւ օգնութեան կարիք ունեցողներու համար պետութիւնը հաստատած է National Coronavirus HelpLine-ը, ուր կրնաք կապուիլ հեռաձայնելով 1800 020 080 թիւին, 24 ժամ, շաբաթը 7 օր:


Ջերմ բարեմաղթութիւններով՝

Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբ
admin@anc.org.au

comments

Advertisement