ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ. ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութիւնը պատրաստ է օգտակար դառնալու

By AYF-AU | Monday, 23 March 2020

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ



ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութիւնը մօտէն կը հետեւի «Քորոնա» ժահրի արդիւնքով ծայր առած համաճարակի իրադարձութիւններուն ընդհանրապէս եւ Աւստրալիոյ մէջ յատկապէս: Ցաւով ականատես կ'ըլլանք այն տարեցներուն եւ անկարողներուն, որոնք դժուարութիւն կ'ունենան ապահովելու իրենց առօրեայ պէտքերը:

Ինչպէս միշտ այս հանգրուանին եւս, ուր հրամայականն է կարելի եղած չափով օգտակար դառնալ մէկս միւսին, ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութիւնը իր ամբողջ կարողականութիւնը կու գայ ի սպաս դնելու մեր գաղութին:



Այս առնչութեամբ, ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութիւնը Համագործակցաբար Աւստրալիոյ Հայ Օգնութեան Միութեան եւ Աւստրալահայութեան Օժանդակութեան Աղբիւրներու Կեդրոնիայսօր եւս պատրաստ է օգտակար դառնալու գաղութի զաւակներուն:



Այն ընտանիքները, որոնք չեն կրնար իրենց տուներէն դուրս գալ եւ դժուարութիւն ունին ապահովելու իրենց առօրեայ պէտքերը, կրնան դիմել միութեան հեռաձայնելով ընկեր Արամ Թիւֆէնքճեանին 0420 541 843, Ընկեր Մայքլ Քոլոքոսեանին - 0409 988 136, Ընկերուհի Նինա Գաբրիէլեանին - 0421 340 035 կամ Անն Ղարիպեան 049 472 606 առաւօտեան ժամը 9-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7 եւ միութիւնը իր միջոցներով կարելին պիտի ընէ հասնելու բոլորին պէտքերուն:

ԾԱՆՕԹ.- Այս օժանդակութիւնը յատուկ է այն ընտանիքներուն որոնք դժուարութիւն ունին ֆիզիքապէս իրենք ապահովելու իրենց առօրեայ պէտքերը:

comments

Advertisement