Օժանդակութիւն Աւստրալահայ համայնքին Օժանդակութեան Աղբիւրներու Կեդրոնին, Հայ Օգնութեան Միութեան եւ Երիտասարդական Միութեան կողմէ

By armenia.com.au | Tuesday, 07 April 2020



Սիտնի և Մելպուրն.- «Քորոնա» ժահրի վերաբերեալ վերջին յայտարարութիւնները ի յայտ բերին որ համայնքին մէջ կը գտնուին անդամներ, որոնք կարիքը ունին զօրակցութեան եւ խնամքի: Հետեւաբար, Աւստրալահայութեան Օժանդակութեան Աղբիւրներու Կեդրոնը (ԱՕԱԿ), Աւստրալիոյ Հայ Օգնութեան Միութիւնը (ՀՕՄ) եւ Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութիւնը (ԱԵՄ) բազմապատկեցին իրենց ջանքը այսօրուան դժուար պայմաններուն տակ սատար հանդիսանալու  յատկապէս ժահրին պատճառով տուժած անհատներուն հետեւեալ մարզերէն ներս.-

Գործազրկութիւն
● Բնակարանային հարցեր
● Մտային առողջապահութիւն
● Ինքնամեկուսացում
● Շտապօգնութիւն

Վերոյիշեալ երեք կազմակերպութիւնները միասնաբար աշխատանք պիտի տանին Աւստրալահայ համայնքին նեցուկ կանգնելու եւ զայն իրազեկ դարձնելու  անցուդարձերուն մասին:

Աւստրալահայութեան Օժանդակութեան Աղբիւրներու Կեդրոնի կայքէջին մէջ (http://www.arcaustralia.org/covid-19-response) կը գտնէք աղբիւրներ եւ պիտանի տեղեկութիւն Centrelink-ի շնորհած օժանդակութեանց ինչպէս նաեւ մտային առողջապահութեան, հաշմանդամութեան (NDIS) եւ այլ ծառայութիւններու մասին:

Այս դժուար օրերուն, ԱՕԱԿ-ը, Աւստրալիոյ ՀՕՄ-ն ու Հ.Յ.Դ. ԱԵՄ-ը կը շարունակեն օժանդակել ինքնամեկուսացման իրավիճակի մէջ գտնուող Աւստրալահայ կարիքաւոր անհատներուն, տրամադրելով հիմնական ծառայութիւններ, ինչպէս.-

● Գնումներու կատարում  եւ առաքում
● Խոցելի անհատներուն  բժիշկներուն տուած ժամադրութիւններուն հասնելու համար երթեւեկի ապահովութիւն
● Դիմումնագրերու պատրաստութիւն
● Օժանդակութիւն՝ դեղարաններ այցելելու եւ դեղորայք ապահովելու
● Այլ ծառայութիւններ, որոնք վտանգի չեն ենթարկեր խնամատար անձը

Հարցումներու եւ յաւելեալ մանրամասնութեանց համար առաջին հերթին հեռաձայնէք Տիկ. Անն Ղարիպեանին՝ 0490 472 606 թիւին: Անկարելիութեան պարագային կրնաք կապուիլ հետեւեալներուն, որոնք եւս կարող են օգնել ձեզ.-

Սիտնի

● Անն Ղարիպեան 0490 472 606
● Արամ Թիւֆէնքճեան 0420 541 843
● Մաճքլ Գոլոգոսեան 0409 988 136
● Նինա Գաբրիէլեան 0421 340 035
● Ժանէթ Միքայէլեան 0414 673 945

Մելպուրն

● Յովիկ Մելքոնեան 0410 760 015
● Աղաւնի Ատոմեան 0478 599 533
● Յովիկ Տէրտէրեան 0413 322 090
● Ատոմ Ատոմեան 0418 549 947


ԾԱՆՕԹ.- Ձեր ուշադրութեան կ’ուզէինք յանձնել, թէ անհատական ծառայութիւնները, ինչպէս՝ գնումներ կատարել, առաքել եւայլն, սահմանափակուած են միայն անոնց համար, որոնք ֆիզիքապէս անկարող են անձամբ այդ պէտքերը ապահովելու: Ծառայութիւններու առկայութեան մասին տեղեկութիւն պիտի տրուի խնդրոյ առարկայ անձին, երբ օժանդակութեան համար դիմում կատարուի իր կողմէ:

comments

Advertisement