Կոչ Աւստրալահայութեան

By armenia.com.au | Tuesday, 21 April 2020



Համայն հայութիւնը այս տարուան Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչումները կը յիշատակէ աննախընթաց անսովոր պայմաններու մէջ։

Ճիշդ է որ հայութիւնը շատ յաճախ քաղաքական տարբեր կացութիւններու, պատերազմներու կամ բնական աղէտներու բերումով, երբեմն գտնուած է որոշ գաղութներու մէջ ոգեկոչումներ կազմակերպելու դժուարութիւններու դիմաց, սակայն միշտ ալ յաջողած է յարմարելով պայմաններուն արժեւորելու մեր սուրբ նահատակներու յիշատակը եւ յառաջ տանելու մեր պահանջատիրական պայքարը։

Այսօր պատկերը ամբողջովին այլ է, որովհետեւ «Քորոնա» ժահրի ստեղծած արհաւիրքը կտրուկ կերպով արգելք կը դառնայ ամենուրեք հաւաքներ կազմակերպել եւ մեր ոգեկոչումները կը դնէ կազմակերպական լուրջ դժուարութիւններու առջեւ։

Հակառակ այս իրողութեան, այնքան ատեն որ ունինք կամք ու աշխատանքի կորով, ի վիճակի ենք յաղթահարելու նման դժուարութիւնները եւ այս առումով մենք՝ համահայկական երեք կուսակցութիւններու Աւստրալիոյ կառոյցներս, կոչ կ’ուղղենք հայութեան բոլոր խաւերուն, որ ամէն տարիներու նման Ցեղասպանութեան 105 ամեակի ոգեկոչումը որոշած ենք կատարել Ապրիլ 24-ի երեկոյեան ժամը 7։30-էն սկսեալ, հարկադրաբար ոչ ժողովրդային հաւաքով, այլ առցանց պատկերասփռումով եւ մեր թելադրանքն է ամէն հայ ընտանիք համախմբուած մասնակից դառնայ ձեռնարկին եւ այս տարի ալ այս ձեւով կատարէ իր ազգային պարտականութիւնը յարգելով մեր նահատակներու սուրբ յիշատակը եւ մեր պահանջատիրական պայքարի հետապնդումը։

Մեր դատը եղած է միշտ արդար: Մարդկային կեանքի այս դժնդակ օրերուն ըլլանք միասնակամ ու տէրը կանգնինք մեր արդար դատին, որ վերջին տարիներուն իր վերելքն ու յառաջընթացը կ’ապրի։

Կը մաղթենք բոլորիդ առողջութիւն այս դժուար օրերուն։

 

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն

 


comments

Advertisement