ԱՅՍՕՐ Երեկոյեան Ժամը 7.30ին. Ինչպէս Դիտել Ուղիղ Եթերով Աւստրալիոյ Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման հանդիսութիւնը

By Armenian Genocide Commemorative Committee | Friday, 24 April 2020

Բարեհաճեցէք ձեր ընտանիքներուն հետ միասին ձեր համակարգիչներուն, հեռախօսներուն կամ Smart TV-ներուն միջոցաւ ուղիղ եթերով հետեւիլ Աւստրալիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման հանդիսութեան, ԱՅՍՕՐ՝ 24 Ապրիլ 2020-ին երեկոյեան ժամը 7:30-էն սկսեալ:

Բարեհաճեցէք նաեւ տարածել հետեւեալ link-երը ձեր բարեկամներուն եւ հարազատներուն, որպէսզի իրենք ալ առիթը ունենան հետեւելու.

Բոլոր անոնք որոնք կը փափաքին հետեւիլ Facebook-i վրայ, բարեհաճին սեղմել www.facebook.com/ArmeniaOnline/live/ այսօր՝ Ուրբաթ, 24 Ապրիլ 2020ի երեկոյեան ժամը 7.30ին:

Անոնք որոնք կը նախընտրեն հետեւիլ YouTube-ով՝ ապա թող սեղմեն www.tiny.cc/genocide105 ժամը 7.30ին:

Ձեռնարկը ուղիղ եթերով պիտի հեռասփռուի նաեւ Աւստրալիոյ մէջ գործող Հայկական Կազմակերպութիւններու Ֆէյսպուքի էջերուն վրայ:

comments

Advertisement