By Asbarez | Friday, 24 April 2020
ՈՒԻԼԸՊԻ, Աւստրալիա․- Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբին համակարգումով, 22 Ապրիլին տեղի ունեցաւ աւստրալիացի եւ հայ երեսփոխաններու միջեւ համացանցային քննարկում մը, որուն ընթացքին կարծիքներ եւ փորձառութիւններ փոխանակուեցան «Քորոնա» ժահրին դէմ տարուող պայքարին գծով։
Քննարկումին մասնակցող Աւստրալիոյ պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Թրենթ Զիմըրմըն, որ Աւստրալիոյ խորհրդարանի Առողջապահութեան յանձնախումբի ատենապետն է, իսկ հայկական պատուիրակութիւնը՝ Արման Բոշեան, որ Աւստրալիա-Հայաստան բարեկամութեան խմբակի համատենապետն է:
Քննարկումը համադրեց Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Հայկ Կայսերեան։
comments