Նորութիւններ.- Քորոնա Ժահրի (ՔՈՎԻՏ-19) Տեղեկութիւններ

By SBS | Sunday, 26 April 2020



SBS ձեզի կը տրամադրէ վստահելի տեղեկութիւններ, հայերէնով, ՔՈՎԻՏ-19 համաճարակի մասին: Սոյն տեղեկութիւնները կարեւոր են համայնքին մէջ իւրաքանչիւր անձի համար:

NOTE that this fact sheet is regularly updated by SBS Armenian. Keep tabs on the latest by clicking here.


Տունը մնայ Ապահով մնայ Կապի մէջ մնայ Կեանքեր փրկէ

Ինչպէս՞ ՔՈՎԻՏ-19ը կը տարածուի

ՔՈՎԻՏ-19-ը անձէ-անձ կը տարածուի հետեւեալ կերպով՝

  • Մոտիկ կապը անձի մը հետ մինչ անոնք վարակիչ են կամ անոնց ախտանշանները յայտնաբերուելէ 24 ժամ առաջ:
  • Մոտիկ կապ անձի մը հետ որ վարակուած է և որ կը հազայ կամ կը փռնգտայ:
  • Դպնալ իրերու կամ մակերեսներու (ինչպէս դուռի բռնակներ կամ սեղաններ) որոնց վրայ վարակուած անձ մը հազացած և կամ փռնգտացած է, ապա կը դպնաք ձեր բերանին կամ երեսին:

Որոնք՞ են ՔՈՎԻՏ-19ի ախտանշանները

Դաշնային կառավարութեան կայքին համաձայն, քորոնա ժահրի ախտանշանները կը տարբերին թեթեւ հիւանդութենէ մինչեւ թոքատապ:

ՔՈՎԻՏ-19ի ախտանշանները նման են հարբուխի և տենդախառն հարբուխի ախտանշաններուն և կը ներառեն՝

  • Տենդ
  • Կոկորդի ցաւ
  • Հազ
  • Հոգնածութիւն
  • Շնչառութեան դժուարութիւն

Իշխանութիւններ մշակեցին ՔՈՎԻՏ-19 Ախտանշաններու Ստուգում որ կրնաք գործածել տունէն. https://www.healthdirect.gov.au/symptom-checker/tool/basic-details

Ինչ՞ պէտք է ընեմ եթէ ախտանշաններ ունենամ

Եթէ ախտանշաններ ունենաք Աւստրալիա ժամանելէ ետք մինչեւ 14 օր կամ մինչեւ 14 օր այն ժամանակէն երբ կապ ունեցած էք մէկու մը հետ որ հաստատ վարակուած է ՔՈՎԻՏ-19-ով, պէտք է այցելէք ձեր բժիշկին անյետաձգելի քննարկումի համար:

Հեռաձայնեցէք ձեր բժիշկին ժամադրութեան մը համար կամ կապ հաստատեցէք ազգային Քորոնավայրըս Առողջութեան Տեղեկութեան թէժ գիծին հետ1800 020 080: Մի՛ այցելէք առողջութեան բուժարան մը կամ հիւանդանոց մը առանց նախապէս տեղեկացնելու անոնց որ ախտանշաններ ունիք:

Ժամանելէն առաջ, հեռաձայնեցէք առողջութեան բուժարան կամ հիւանդանոց և անոնց տեղեկացուցէք ձեր ճամբորդութեան պատմութիւնը կամ որ շփում ունեցած էք անձի մը հետ որ վարակուած է ՔՈՎԻՏ-19ով: Պէտք է մեկուսացած մնաք ձեր տան կամ պանդոկի մը մէջ կամ առողջապահութեան խնամքի տակ մնաք մինչեւ որ առողջապահութեան իշխանութիւններ հաստատեն որ ապահով է որ վերադառնաք ձեր սովորական գործերուն:

Եթէ շնչառութեան դժուարութիւն ունիք կամ բժշկական արտակարգ իրավիճակի մէջ էք հեռաձայնեցէք 000:

Պէտք՞ է ստուգուիմ ՔՈՎԻՏ-19ի համար

1) Պիտի ստուգուիք եթէ՝

  • Անցած 14 օրերուն վերադարձած էք արտասահմանէն և ունիք շնչառական հիւանդութիւն տենդով կամ առանց տենդի:
  • Մոտիկէն շփում ունեցած էք ՔՈՎԻՏ-19ով վարակուած անձի մը հետ անցած 14 օրերուն և ունիք շնչառական հիւանդութիւն տենդով կամ առանց տենդի:
  • Ունիք համայնքէն ստացած սուր թոքատապ և յստակ պատճառ չկայ:
  • Առողջութեան խնամքի աշխատող մըն էք որ ուղղակի կ'աշխատիք հիւանդներու հետ և շնչառական հիւանդութիւն ունիք և ջերմութիւն:

2) Պիտի ստուգուիք նաեւ եթէ ջերմութիւն ունիք կամ սուր շնչառական վարակում և կամ այս հանգամանքներէն մէկը ձեզի կը վերաբերի՝

  • Առողջապահութեան բոլոր աշխատողները
  • Տարեցներու/տնային խնամքի բոլոր աշխատողները
  • Աշխարհաքրականօրէն կղզիացած շրջաններ ուր յաւելեալ վտանք կայ համայնքային փոխանցումներու ինչպէս որ սահմանուած է տեղի հանրային առողջապահութեան միաւորին կողմէ:
  • Երբ համայնքային փոխանցում տեղի չ'ունենար, բայց բարձր-վտանգի կացութիւններ կան ուր երկու կամ աւելի հաւանական կապուած հարցեր կան, օրինակի համար՝
  • Տարեցներու և տնային խնամք
  • Գիւղական և հեռաւոր Ապօրիճին և Թորրես Նեղուցի Կղզեցիներու համայնքներ
  • Կալանման վայրեր/ուղղիչ հաստատութիւններ
  • Գիշերօթիկ դպրոցներ
  • Զինուորական խարիսխներ (ներառեալ ռազմանաւեր) որոնք ունին բնակելի յարմարութիւններ
  • Ազգային Դահլիճը նմանապէս համաձայնեցաւ, որ կախեալ խնամող բժիշկի դատողութենէն, ստուգումը ընդլայնուի ներառելու համար անծանօթ պատճառներով տենդով և սուր շնչառական ախտանիշներով հիւանդանոց պառկած հիւանդներ:

Այս ստուգումի նուազագոյն չափանիշն է: Նահանգներ և հողամասեր կրնան իրենց ստուգումի չափանիշները ընդլայնել չթէ կարողութիւնը ունին:

ժահրը ինչպէս՞ կը բուժուի

Յստակ բուժում չկայ քորոնավայրըսներու համար, սակայն ախտանշաններու մեծ մասը կարելի է բուժել օժանդակ բժշկական խնամքով: Մանրէասպան դեղեր ազդեցիկ չեն ժահրերուն դէմ:

Ով՞ աւելի վտանգի մէջ է լուրջ հիւանդութեամբ

Որոշ վարակուած անձեր նոյնիսկ չեն հիւանդանար, ուրիշներ թեթեւ ախտանշաններ ցոյց կուտան որոնցմէ դիւրութեամբ կը բուժուին և ուրիշներ շատ արագ կերպով ծանր կը հիւանդանան: Այլ քորոնավայրըսերէ նախապէս ստացած փորձառութեամբ, լուրջ վարակումի վտանգի տակ կը գտնուին հետեւեալ անձերը՝

  • Բնիկ և Թորրես Նեղուցի Կղզեցիներ 50 տարեկանէ վեր, մէկ կամ աւելի մնայուն հիւանդութիւններով:
  • 65 տարեկանէ վեր անձեր մնայուն բժշկական հիւանդութիւններով: Մնայուն հիւանդութիւնները աւելի պիտի յստակեցուին երբ յաւելեալ ապացոյցներ երեւան ելլեն:
  • 70 տարեկանէն վեր անձեր
  • Մարդիկ որոնց վարակամերժ դրութիւնը վնասուած է

Ինչպէս՞ կրնաք կեցնել ՔՈՎԻՏ-19ի տարածումը

Ձեռքի և փռնգտալու/հազի լաւ առողջաբանութիւն կիրառելը և ուրիշներէ հեռաւորութիւն պահելը երբ հիւանդ էք, ամենա լաւ պաշտպանութիւնն է ժահրերու մեծամասնութեան դէմ:

  • Տունէն դուրս մի՛ ելլէք բացի եթէ անհրաժեշտ է:
  • Ընկերային հեռաւորութիւն պահել նուազագոյնը 1.5 մեդր և պահպանել մէկ անձ չորս քառակուսի մեդր օրէնքը:
  • Յաճախակի լուալ ձեռքերը օճառով և ջուրով, ուտելէն առաջ և վերջը և զուգարան երթալէն ետք:
  • Ծածկել հազը և փռնգտուքը, նետել գործածուած թուղթէ թաշկինակները և օգտագործել ալքոհլով կազմուած ձեռքի ախտահանիչները:
  • Եթէ լաւ չէք զգար, խուսաբեցէք շփուելէ ուրիշներու հետ (ուրիշներէ հեռու մնալ 1,5 մեդր)
  • Անձնական պատասխանատուութիւն կիրառեցէք և տուն մնացէք որչափ հնարաւոր է:

Ով՞ պարտադրուած պէտք է ինքնամեկուսանայ

1) Ամէն մարդ որ Աւստրալիա կը ժամանէ 15 Մարտ 2020 կէս գիշերէն ետք, կամ կը կարծեն որ շփում ունեցած են անձի մը հետ որ հաստատ վարակուած է ՔՈՎԻՏ-19ով, կը պահանջուի որ ինքնամեկուսանան 14 օր:

2) Բոլոր ճամբորդները որոնք Աւստրալիա կը ժամանեն 28 Մարտ 2020 կէս գիշերէն ետք, պարտադիր 14 օր պէտք է ինքնամեկուսանան նշանակուած յարմար վայրի մը մէջ (օրինակի համար, պանդոկ մը):

Ճամբորդներ. ներգաղթի, մաքսատան և ուժեղացուած առողջութեան համապատասխան քննութիւններէ ետք, ուղղակի պիտի տեղափոխուին նշանակուած յարմար վայրեր:

Աւստրալիական Պաշտպանական Ուժի անձնակազմը պիտի սատարէ տեղական ոստիկանութեան և այցելէ աւստրալիացիներուն տուները և բնակարանները, որոնք պարտադիր ինքնամեկուսացման մէջ են, ինչպէս հրահանգուած է նահանգային և հողամսերու կառավարութիւններուն կողմէ և պիտի տեղեկացնեն տեղական ոստիկանութեան եթէ անհատը կը գտնուէր իր բնակարանին մէջ:

3) Եթէ ախտաճանաչուած էք ՔՈՎԻՏ-19ով, պէտք է տունը մնաք:

  • Մի' երթաք հանրային վայրեր ինչպէս գործի, դպրոց, առեւտուրի կեդրոններ, երեխաներու խնամքի կեդրոններ կամ համալսարան:
  • Բարեկամէ մը խնդրեցէք որ կերակուր և անհրաժեշտ արարկաներ ձեզի բերէ և ձեր դռան առջեւ ձգէ:
  • Այցելուներ մի ընդունիք - միայն անոնք որոնք ձեր հետ կը բնակին պէտք է ձեր տան մէջը ըլլան:

Ընկերային հեռաւորութիւն (թարմացուած վերջին նորութիւններ)

Ընկերային հեռաւորութիւնը միջոց մըն է դանդաղեցնելու համար ժահրերու տարածումը ինչպէս ՔՈՎԻՏ-19ը: Որչափ տարածութիւն կայ ձեր և ուրիշներու միջեւ, այնքան դժուար ժահրը կը տարածուի:

Կը ներառէ նաեւ խուսափիլ դպնալէ իրերու կամ մակերեսներու (ինչպէս դուռերու բռնակներ կամ սեղաններ) որոնք վարակուած են հազով կամ փռնգտուքով անձէ մը որ հաստատ վարակուած է ՔՈՎԻՏ-19ով:

Հաւաքոյթները սահմանափակուած են երկու անձերու

Աւստրալիական Ազգային Դահլիճը համաձայնեցաւ ներքին և արտաքին հաւաքոյթները սահմանափակել միայն երկու անձերու: Այս սահմանափակումները ուժի մէջ են Երկուշաբթի Մարտ 30ի կէսգիշերէն:

Այս սահմանափակումի բացառութիւնները կը ներառեն՝

  • Նոյն տան մէջ բնակող անձեր որոնք միասին դուրս կ'ուգան
  • Թաղումներ – առաւելագոյնը 10 անձեր
  • Ամուսնութիւններ – առաւելագոյնը 5 անձ
  • ընտանեկան անդամներ:

Իւրաքանչիւր նահանգ և հողամաս կրնան պարտադրել այս պահանջները:

Տունը մնալ

Ազգային Դահլիճի հաստատ ուղեցոյցը բոլոր աւստրալիացիներուն այն է որ տունը մնան բացի եթէ՝

  • ուտելիք և անհրաժեշտ պիտոյքներ գնելու համար շուկայ կ'երթան
  • բժշկական և առողջութեան խնամքի կարիքներու համար, ներառեալ կարեկցական պահանջներ
  • մարզանքներ որոնք կը համապատասխանեն հանրային հաւաքոյթի պահանջներուն
  • աշխատանք և ուսում եթէ չեք կրնար աշխատիլ կամ ուսանիլ տունէն

Խաղավայրեր, չմշկավայրեր եւն

Ազգային Դահլիճը համաձայնեցաւ որ խաղավայրեր, չմշկավայրեր և հանրային վայրերու մէջ գործող դուրսի մարզական ծրագիրներ փակ մնան: Bootcamp-եր պիտի կրճատուին միայն երկու անձերու, ներառեալ մարզիչը:

Երէց աւստրալիացիներ և անոնք որոնք առողջական խնդիրներ ունին

Անոնք որոնք 70 տարեկանէն վեր են և աւստրալիացիներ որոնք գոյութիւն ունեցող առողջական վիճակ ունին:

Ազգային Դահլիճի աւստրալիացիներուն տուած հաստատ խորհուրդն է տնային մեկուսացումը որչափ հնարաւոր է երկար՝

  • 70 տարեկանէն վեր
  • 60 տարեկանէն վեր որոնք գոյութիւն ունեցող առողջական խնդիրներ ունին
  • 50 տարեկանէն վեր բնիկ աւստրալիացիներ որոնք գոյութիւն ունեցող առողջական վիճակ ունին:

Ինչ կը պատահի եթէ չէք հնազանդիր ընկերային հեռաւորութիւն պահելու օրէնքներուն կախում ունի թէ որ մէկ նահանգին մէջ կը բնակիք:

  • Նիու Սաութ Ուելս: $1,000 կամ աւելի տուգանք
  • Վիքթորիա: $1,600 կամ աւելի տուգանք
  • Հարաւային Աւստրալիա: Ոստիկանութիւնը պիտի չպարտադրէ որեւէ ազգային հրահանգ
  • Աւստրալիական Մայրաքաղաքի Հողամաս: Զգուշացում, որու պիտի հետեւի տուգանք
  • Քուինզլանտ: Անհատներու համար $1,330 տուգանք
  • Արեւմտեան Աւստրալիա: Անհատներու համար $1,000 տուգանք
  • Թազմանիա: Տուգանք տալու հնարաւորութիւն
  • Հիւիսային Հողամաս: Ոստիկանութիւնը պիտի չպարտադրէ որեւէ ազգային հրահանգ

Կրնամ՞ ընտանիքի և բարեկամներու այցելել տարեցներու խնամքի հաստատութիւններու մէջ

Խնդրեմ նկատի առէք որ նահանգներ և հողամասեր իւրայատուկ օրէնքներ ունին իրենց իրաւասութիւններուն մէջ:

Աւստրալիոյ տարածքին որպէս օրէնք, մի այցելէք տարեցներու խնամքի հաստատութիւններ եթէ՝

  • Անցած 14 օրերուն վերադարձած էք արտասահմանէն
  • Շփումի մէջ եղած էք ՔՈՎԻՏ-19-ով վարակուած անձի մը հետ անցած 14 օրերուն
  • Ջերմութիւն կամ շնչառական վարակումի ախտանշաններ ունիք (օրինակ հազ, կոկորդի ցաւ, շունչի կարճութիւն)
  • Մայիս 1էն, տենդախառն հարբուխի պատուաստումը ստացած պէտք է ըլլաք տարեցներու խնամքի հաստատութիւն մը այցելելու համար:

Պէտք՞ է վիրաբուժական դիմակներ գործածեմ

Համայնքին մէջ վիրաբուժական դիմակներ միայն օգտակար են կանխելու, որ մարդիկ որոնք վարակուած են ՔՈՎԻՏ-19ով, չտարածեն ուրիշներուն: Եթէ առողջ էք, պէտք չ'ունիք հագնելու երեսի պաշտպանիչ դիմակ մը որովհետեւ քիչ ապացոյց կայ որ առողջ մարդոց կողմէ գործածուող դիմակները կը կանխեն ժահրի տարածումը հանրութեան մէջ:

Եթէ պէտք է մեկուսանաք, պէտք է օգտագործէք երեսի պահպանիչ դիմակ մը (եթէ ունիք) հետեւեալ պարաքաներուն՝

  • Եթէ տունէն դուրս պիտի ելլէք որեւէ պատճառով և հանրային շրջանի մը մէջ պիտի գտնուիք:
  • Բժշկական կեդրոն մը պիտի այցելէք:
  • Ախտանշաններ ունիք և ուրիշ անձեր կը գտնուին ձեզի հետ նոյն սենեակին մէջ:

Ճամբորդել Աւստրալիայէն, դէպի Աւստրալիա կամ Աւստրալիոյ մէջ

Աւստրալիացիներ պէտք է խուսափին ոչ անհրաժեշտ ներքին ճամբորդութիւններէ: Նահանգներ և հողամասեր կրնան իրենց անհատական սահմանափակումները հաստատել, ներառեալ իրենց սահմանները փակել: Վիքթորիա, Նիու Սաութ Ուելս և Աւստրալիական Մայրաքաղաքի Հողամասը միակն են որ տակաւին իրենց սահմանները փակած չեն:

Աւստրալիացիներ չեն կրնան արտասահման ճամբորդել 25 Մարտ 2020-էն սկսեալ, որոշ բացառութիւններով:

Միայն աւստրալիացի քաղաքացիներ, բնակիչներ և անմիջական ընտանիքի անդամներ կրնան Աւստրալիա ճամբորդել: Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել՝ Տնային Հարցերու Գերատեսչութեան կայքը:

Աւստրալիա ժամանող բոլոր ճամբորդներէն կը պահանջուի որ ինքնամեկուսանան 14 օր, իրենց տան մէջ կամ պանդոկի մը մէջ:

Եթէ ճամբորդներ չեն հնազանդիր 14 օր ինքնամեկուսացումի պահանջներուն, կրնան որոշ պատժամիջոցներու ենթարկուիլ որ գոյութիւն ունի իւրաքանչիւր Նահանգի կամ Հողամասի մէջ:

Վերջին նորութիւններուն և յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելէ՝ www.smartraveller.gov.au

Աւստրալիոյ մէջ իշխանութիւններ ինչպէս՞ կը կառավարեն համաճարակը

Վարչապետը գործի դրաւ՝ Նովել Քորոնավարիուսի (ՔՈՎԻՏ-19) Արտակարգ ԻրավիճակներուՊատասխան Ծրագիրը:

Դժուարութեան կարգադրութիւններ ուժանիւթի, ջուրի և հարկերու համար

Ճկուն վճարումներու հնարաւորութիւն կը տրուի բոլոր տնային տնտեսութիւններուն և փոքր ձեռնարկութիւններուն, որոնք ֆինանսական դժուարութեան մէջ կը գտնուին:

  • Չանջատելով կամ չսահմանափակելով մատակարարումը/ծառայութիւնները անոնց որոնք ֆինանսական դժուարութիւններու մէջ են
  • Յետաձգելով պարտքերը վերադարձնելու գործողութիւնները և վարկի թերացումի ցանկագրումը;
  • Հրաժարելով պարտքի ուշացումի վճարներէն և տոկոսի գիներէն; և
  • Նուազեցնելով ճգնաժամային գործերու ծրագրուած հոսանքի խզումները:
  • Անոնք որոնք կրնան շարունակել իրենց հաշիւները վճարել պէտք է շարունակեն վճարել – այս կենսական է ապահովելու համար, անհրաժեշտ ծառայութիւններ մատոցողներուն, շարունակական կենսունակութիւնը:

Ճկունութիւն որոշ այցագիրներ ունեցողներուն համար

Աշխատող արձակուրդի այցագիր ունեցողներ: Մէկ գործատուի հետ վեց ամիս գործի սահմանափակումէ պիտի ազատուին, եթէ անոնք կ'աշխատին ճգնաժամային ճարտարարուեստի մը մէջ ինջպէս՝ առողջութիւն, տարեցներու խնամք, անկարողութեան խնամք, երեխաներու խնամք, գիւղատնտեսութիւն և սնունդ, և իրաւունք պիտի ունենան նոր այցագիրի մը եթէ ներկայ այցագիրի ժամանակը լրանայ յաջորդ վեց ամիսներու ընթացքին:

Եղանակային Գործաւորներու Ծրագիր և Խաղաղական Գործաւորներու Ծրագիրներու մասնակիցներ. հնարաւորութիւն պիտի ունենան երկարաձգելու իրենց այցագիրները մինչեւ մէկ տարի:

Ժամանակաւոր Մասնագիտական այցագիր ունեցողներ. Ժամանակաւոր գործատէրի կողմէ երաշխաւորուած այցագիրներ, ինչպէս ենթադաս 457 և 482, որոնք կորսնցուցած են իրենց գործը, 60 օր ունին գտնելու ուրիշ երաշխաւոր մը կամ պէտք է հեռանան Աւստրալիայէն:

Եթէ անոնք ներկայիս գործէ զրկուած են բայց հեռացուած չեն, կամ իրենց աշխատանքի ժամերը կրճատուած են, այս պիտի չնկատուի որպէս իրենց այցագիրներու պայմանի խախտում: Այս տնտեսական տարուայ մէջ, անոնք կրնան մինչեւ $10,000 վերցնել իրենց կենսաթոշակի (superannuation) հիմնադրամէն:

Միջազգային ուսանողներ:

  • անոնք կրնան մնալ եթէ տակաւին գործ ունին: Եթէ չ'ունին գործ, ընտանեկան օգնութիւն կամ խնայողութիւն, պէտք է նկատի առնեն այլ կարգադրութիւններ:
  • միջազգային ուսանողներ որոնք կ'աշխատին տարեցներու խնամքի հատուածին մէջ և որպէս հիւանդապահներ, թոյլտուութիւն ունին աշխատելու շաբաթական 20 ժամէ աւելի:
  • կրնան օգտուիլ իրենց կենսաթոշակէն (superannuation) եթէ Աւստրալիա կը գտնուին նուազագոյնը 12 ամիս:

Զբօսաշրջիկներ. պէտք է վերադառնան իրենց երկիրը, յատկապէս անոնք որոնք ընտանեկան աջակցութիւն չ'ունին:

Գործ փնտրողի վճարում (Jobseeker payment)

Ստանալու համար JobSeeker Payment վճարումը, պէտք է բաւարարէք հետեւեալ բոլոր պայմանները՝

  • 22-էն մինչեւ Տարիքի Թոշակի տարիքի միջեւ էք
  • Կը բաւարարէք բնակութեան օրէնքները
  • Ձեր եկամուտը և ունեցուածքը աւելի ցած են սահմանուած քննութեան չափերէն
  • Պէտք է բաւարարէք նաեւ այս երկու կացութիւններէն որեւէ մէկու օրենքները՝
  • Կը համապատասխանէք անգործութեան մեր սահմանումին և գործ կը փնտրէք:
  • Հիւանդ էք կամ վիրաւորուած և կարճ ժամանակով ձեր սովորական գործը կամ ուսումը ընելու անկարող էք:

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար ստուգէ Ծառայութիւններ Աւստրալիա կայքը՝ https://www.servicesaustralia.gov.au/individuals/services/centrelink/jobseeker-payment

Գործ փնտրողի վճարում (JobKeeper Payment)

Կառավարութիւնը աշխատավարձի օժանդակութիւն պիտի տրամադրէ մոտ 6 միլիոն գործաւորներու, որոնք երկու շաթաթը մէկ, նախքան տուրքը, $1500 տոլարի վճարում պիտի ստանան իրենց գործատէրի միջոցով:

$130 միլիառ տոլարի JobKeeper վճարումը պիտի նպաստէ որ աւստրալիացիներ գործի մէջ մնան: Վճարումը պիտի տրուի գործատէրերուն մինչեւ վեց ամիս, իւրաքանչիւր իրաւունք ունեցող գործաւորի համար որոնք իրենց մոտ կ'աշխատէին 1 Մարտ 2020ին և գործի մէջ կը մնան կամ կը շարունակեն աշխատիլ այդ գործատէրի մոտ: Գործատէրեր, երկու շաբաթը մէկ $1500 տոլարի վճառում մը պիտի ստանան իւրաքանչիւր իրաւունք ունեցող գործաւորի համար: Ծրագիրը սկսաւ 30 Մարտ 2020-ին և իրաւունք ունեցող ձեռնարկութիւններ առաջին վճառումը պիտի ստանան Մայիսի առաջին շաբաթը:

Երեխաներու խնամք

Մոտ մէկ միլիոն ընտանիքներ պիտի ստանան երեխաներու ձրի խնամք քորոնավայրըսի համաճարակի ժամանակ: Այս ծրագրով, կառավարութիւնը պիտի վճառէ հատուածի վարձքերու եկամուտին 50 առ հարիւրը մինչեւ ներկայ ժամական վարձաչափը հիմնուած այն ժամանակէն առաջ երբ ծնողքներ սկսան իրենց երեխաները մեծ թիւով հանել խնամքի կեդրոններէն: Դրամագլուխը պիտի սկսի գործել Ապրիլ 6էն:

Ընտանեկան բռնութեան օժանդակութիւն

Սկզբնական $150 միլիոն պիտի տրամադրուի օգնելու համար աւստրալիացիներուն որոնք, քորոնավայրըսի հետեւանքով, ընտանեկան կամ սեռական բռնութեան կ'ենթարկուին:

Մտային առողջութեան օժանդակութիւն

Սկզբնական $74 միլիոն պիտի տրամադրուի աջակցելու համար բոլոր աւստրալիացիներու մտային առողջութեան և բարօրութեան: Կառավարութեան թուային մտային առողջութեան հարթակը, Գլուխէ Առողջութիւն (www.headtohealth.gov.au), հեղինակաւոր տեղեկութեան և ուղղութեան միակ աղբիւրը պիտի ըլլայ, թէ ինչպէս կարելի է պահպանել մտային լաւ առողջութիւն քորոնավայրըս համաճարակի ժամանակ և ինքնամեկուսացման մէջ, ինչպէս նեցուկ կանգնիլ երեխաներուն և ընտանիքի անդամներուն և ինչպէս յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալ մտային առողջութեան ծառայութիւններու և խնամքի մասին:

 

comments

Advertisement