Սիտնի.- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ Կերոնական Կոմիտէն կազմակերպած է առցանց յայտագիր՝ նուիրուած Հայաստանի Առաջին Անկախութեան եւ Հանրապետութեան Հռչակման 102-րդ տարեդարձին։
Յայտագրիրը պիտի սփռուի ուղիղ եթերով
Արմենիա Մետիայի Facebook-ի էջին վրայ, Հինգշաբթի 28 Մայիս 2020-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին:
«Եկէք միասին վերապրինք Մայիսեան յաղթանակները եւ փառաբանենք Սարդարապատի, Ղարաքիլիսայի եւ Բաշ Ապարանի հերոսներու սխրագործութիւններն ու ձեռքբերումները».- յայտարարեց ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէն։
«Բարեհաճեցէք տարածել հետեւեալ link-ը ձեր բարեկամներուն եւ հարազատներուն, որպէսզի իրենք ալ առիթը ունենան հետեւելու յայտագրին.-
www.facebook.com/ArmeniaOnline/live/»։