ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէի Կոչը Ատրպէյճանի Յարձակումին Վերաբերեալ

By ARF-AU | Monday, 28 September 2020



Սիտնի.- 27 Սեպտեմբերի վաղ առաւօտեան, Ազերիական ուժերը Թուրքիոյ ռազմական աջակցութեամբ Արցախի սահմաններու վրայ սկսան լայնածաւալ յարձակողական գործունէութիւններ:

Մի քանի ժամ անց Արցախեան պաշտօնական աղբիւները յայտարարեցին թէ յարձակումներու թիրախը միայն սահմանները չէին,  այլ խաղաղ բնակավայրերն ու բնակչութիւնը: Հարուածի տակ է Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտը: Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութեանց մէջ յայտարարուեցաւ ընդհանուր զօրահաւաք:

Այս բոլորէն մեկնած ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէն իր ամբողջական կառոյցով, Հ․Յ․Դ․ Երիտասարդական ու Պատանեկան միութիւններով եւ իր ուղեկից միութիւններով, խստօրէն կը դատապարտէ Ատրպէյճանական այս ներթափանցման, Արցախի եւ Հայաստանի խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ ոճրային արարքներու ձեռնարկած Ալիյեւի եւ Էրտողանի վարչամեքենաներու անմարդկային կեցուածքը։

Ամիսներէ ի վեր դրսեւորուող թրքական բացայայտ միջամտութիւններն ու վարձկաններ Ատրպէյճան փոխադրելու անոր ծրագիրները արդէն բացայայտուած իրողութիւններ են եւ լաւագոյնս կը բնորոշեն բռնապետ Էրտողանի ու ոճրագործ թուրքիոյ հարազատ պատկերը, որուն դէմ զօրաւոր հակազդեցութեամբ պիտի ըլլայ մեր արժանի պատասխանը:

Կոչ կ'ուղղենք միջազգային հանրութեան աւելի հաստատ քայլերով դատապարտել այս հակամարդկային ոճիրները:

Կը պահանջենք ապահովութիւն Արցախի եւ Հայաստանի բնակչութեան:

Անսասան կամքով կու գանք հաստատելու, թէ բոլոր միջոցներով կանգնած ենք մեր հերոս յաղթական բանակի եւ հայկական զոյգ պետութիւններու կողքին։

Մեր պայքարը արդար է, իսկ մեր յաղթանակը պիտի ըլլայ ամբողջական։

comments

Advertisement