Կոչ Աւստրալահայութեան - Հասնինք Լիբանանահայութեան

By ARF-AU | Monday, 23 August 2021



Կոչ` Աւստրալահայութեան. Հասնի՛նք Լիբանանահայութեան



Սիրելի Հայրենակիցներ,

Անկասկած որ 21-րդ դարը պատմութեան մէջ պիտի բնորոշուի համաշխարհային վերիվայրումներու դար:

Եթէ մէկ կողմէն Պսակաձեւ ( Քորոնա ) ժահրն ու անոր հետեւանքները եկան խախտելու մարդկութեան ապրելակերպի հաւասարակշռութիւնը, միւս կողմէն աշխարհարքաղաքական նենգ խաղերը եկան քաղաքական ու տնտեսական հաշիւներով ծանրակշիռ կացութիւններ ստեղծելու  մերձաւոր Արեւելքի երկիրներուն համար, ուր կը գտնուին մեր հայկական գաղութները:

Այդ կենսունակ հայութեան գլխաւոր կեդրոնը՝ Լիբանանը այսօր կը գտնուի տնտեսակն ամենածանրագոյն ճգնաժամի մէջ: Ճգնաժամ մը որ կրնայ խորտակել ամբողջ երկիրը, որուն պատճառով ստեղծուած հարուածը կրնայ աղէտաբեր ըլլալ հայութեան:

Հայութեան ազգային ներուժի հիմնական աղբիւրը նկատուող Լիբանանահայութիւնը կարիքը ունի համայն հայութեան օժանդակութեան:

Այո' մենք կը գիտակցինք որ վերջին մէկ տարուան ընթացքին յուսախաբութիւնները չեն կրնար կասեցնել մեզ, օրհասական պահուն անտարբեր մնալու մեր համազգային շահերուն նկատմամբ:

Առ այդ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնն ու իր ուղեկից միութիւնները, անսալով այս օրհասական իրավիճակին, կազմակերպած են նիւթական գոյացման արշաւ մը օգտակար դառնալու Լիբանանահայութեան:

Ձեր Նուիրատուութիւնները կրնաք կատարել սեղմելով՝ https://tinyurl.com/standwithlebanon կամ հետեւեալ դրամատան հաշուեհամարի միջոցաւ.

BSB: 062-295
Account: 10430743
Reference: LEBANON_SURNAME

Կը մաղթենք ապահով եւ հանգիստ օրեր մեր բոլոր հայրենակիցներուն:


Մասնակից կազմակերպութիւններ՝

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէ
Աւստրալիոյ Հայ Օգնութեան Միութիւն
Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբ
Աւստրալիոյ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւն
Աւստրալիոյ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն
ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութիւն
Աւստրալահայութեան Օժանդակութեան Աղբիւրներու Կեդրոն
Արմենիա Մետիա Մամլոյ եւ Տեղեկատուական Ընկերակցութիւն

comments

Advertisement