Հինգշաբթի 2 Սեպտեմբեր 2021-ի առաւօտեան Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքին մէջ իր մահկանացուն կնքեց Աւստրալահայ գաղութի ազգային եւ հասարակական գործիչ, Աւստրալահայ երիտասարդութեան երկարատեւ եւ վաստակաշատ դասատու եւ դաստիարակ , ՀՅԴ նուիրեալ ընկեր Հայկ Տէմիրճեանը:
Արմենիա Մետիա մամլոյ եւ տեղեկատուական ընկերակցութեան խնամակալ կազմն ու խմբագրական անձնակազմը իր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալին հարազատներուն եւ Աւստրալահայ գաղութին:
Հանգուցեալին թաղման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Երկուշաբթի 6 Սեպտեմբեր 2021-ին առաւօտեան ժամը 10:00-ին Սիտնիի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ:
Այս տխուր առիթով ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէն հրապարակեց հետեւեալ մահախօսականը`
ԳՈՅԺ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէն սրտի խոր կսկիծով կը գուժէ Աւստրալահայ գաղութի ազգային գործիչ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ կառոյցի գաղափարական Ընկեր Հայկ Տէմիրճեանի մահը:Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ մեծ ընտանիքի անունով կու գանք մեր խորին վշտակցութիւնը յայտնելու ընկեր Հայկ Տէմիրճեանի ընտանիքին, հարազատներուն, Աւստրալահայ գաղութին եւ բոլոր գաղափարակից ընկերներուն:
ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական ԿոմիտէՍիտնի - Աւստրալիա