Կոչ Աւստրալահայութեան

Աւելի քան տարիէ մը ի վեր քաղաքական ցնցումներու թատերաբեմ դարձած է սփիւռքի հայ իրականութեան մէջ նշանակելի դերակատարութիւն ունեցող Սուրիահայ գաղութը:
Սուրիահայ գաղութը Պարսկաստանի ու Լիբանանի հայկական գաղութներու նման ռազմավարական կարեւոր նշանակութիւն ունի հայութեան ու Հայաստանի համար: Ան եղած է ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայորդիներու ազատութեան առաջին կայանը: Ան եղած է հայութեան մշակութային ու կրթական կեանքի ջահակիրը, որուն ազգային մթնոլորտին մէջ կերտուած են բազմահազար մշակութային ու կրթական գործիչներ, որոնք այսօր առաջնորդող դեր կը կատարեն մեր զանազան գաղութներու ազգային կեանքին մէջ: Ան եղած է ու կը շարունակէ ըլլալ սերտ համագործակցութեան հաստատուն կամուրջը թուրքիոյ սահմաններուն մօտ, որ կը կամրջէ միջին Արեւելքի հայկական գաղութները մայր հայրենիքին:
Այս բոլորէն մեկնած Սուրիահայութիւնը չափազանց կարեւոր դերակատարութիւն ունի մեր ազգային նպատակներու իրականացման աշխատանքներուն մէջ եւ որպէս այդպիսին անհրաժեշտ է մեր բոլոր ոյժերով պահել ու պահպանել անոր կենսունակութիւնը, մինչեւ որ անցնին Սուրիոյ գլխին կուտակուող մռայլ ամպերը եւ երկիրը գտնէ իր անդորրութիւնը:
Ահազանգային վիճակի մէջ գտնուող Սուրիահայութեան օժանդակութիւն ապահովելը այսօր դարձած է առաջնահերթ հարց եւ Աւստրալիոյ շրջանի ՀՕՄ-ը այս կոչով շարժման կը դնէ իր ամբողջ կառոյցները ճակատագրական այս օրերուն օգնութեան ձեռք մեկնելով Սուրիահայութեան, որպէսզի անոնք զգան համազգային տարողութեամբ հայութեան միահամուռ կեցուածքը իրենց կողքին:
Մեր նպատակն է Աւստրալիոյ մէջ ստեղծել հանգանակութիւններու միջոցով օժանդակութիւն Սուրիոյ Ազգային վարժարաններուն եւ ՍՕԽ-ի պատսպարանին:
Առ այդ յարգելի՛ հայրենակիցներ, նուիրեցէք ձեր լուման այս բարի նպատակին, որուն համար ՀՕՄ-ի Աւստրալիոյ Շրջանային վարչութիւնը հաստատած է նուէրահաւաքի հետեւեալ կեդրոնները.-
1-Հայ Մշակութային Կեդրոն, 259 Penshurst Street, Willoughby (Monday, Tuesday & Wednesday night’s 6.30-9.30 pm.)
2- Հայ Մշակութային Բանոյեան Կեդրոն, 685 Cabramatta Rd, Bonnyrigg. (Monday, Tuesday & Wednesday night’s 6.30-9.30 pm.)
3- «Նայիրի» եւ «Արարատ» Սկաուտական Կեդրոն, 255 Quarry Rd, Santa Rosa Park, North Ryde. (Monday, Tuesday & Wednesday night’s 6.30-9.30 pm.)
4- Հ.Մ.Ը.Մ. «Անդրանիկ» մասնաճիւղի Սկաուտական սրահ. Corner of Park Rd and Station Street, Artarmon. (Միայն Ուրբաթ երեկոներ). (Friday nights only)
5- Ryde Multicultural Centre - Րայտ Բազմամշակութային Կեդրոն Shaftsbury Road, West Ryde. (Day time only).
6- DIRECT DEBIT Commonwealth Bank ARS Regional Executive Of Australia INC. RELIEF FOR SYRIAN ARMENIAN SCHOOLS FUND
BSB- 062192 - Account No. 10314290
Մեր այս միջոցառումը կը միտի Սուրիահայ գաղութը իր ամբողջական կառոյցով միահամուռ ու կանգուն պահել, որպէս գրաւական մեր համազգային նպատակներուն:
9 Օգոստոս, 2012
Աւստրալիոյ ՀՕՄ-ի
Շրջանային վարչութիւն